login
Ներսէն Հայեացք
ՀԲԸՄ ՀՀՀ Եգիպտոսի մասնաճիւղի հետ համագործակցութեան 10-րդ ամեակը 12/18/2023

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղը հիմնուած է 2013-ին, դառնալով համայնքային առաջին կեդրոնը, որ ընդունած է ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը:  

 

Եգիպտոսի մէջ  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դեսպան եւ աւագ խորհրդական տիկ. Աննա Տոլապճեան Հայկական Համացանցային Համալսարանին առաջին անգամ ծանօթացաւ 2006-ին ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի Եգիպտոս կատարած այցելութեան ընթացքին: 

 

«Ամէն ինչ սկսաւ 2013-ին, երբ Հայաստան այցելեցի աղջիկիս հետ: Ան աւարտած էր ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի բոլոր մակարդակները եւ եկած էր վկայական ստանալու: Ասի բացառիկ առիթ մը եղաւ, Հայկական Համացանցային Համալսարանին մօտէն ծանօթանալու եւ այն Եգիպտոսի մէջ տարածելու համար»:

 

ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ՝ Պերճ Թէրզեանի եւ գաղութի նուիրեալ անդամներուն հետ որոշում առնուեցաւ  հիմնել ՀՀՀ-ի հիպրիթ դպրոցը՝ Եգիպտոսի մէջ: 2013-ի Սեպտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղի եւ ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջ. Յանձնաժողովի  հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղը պաշտօնապէս սկսաւ ծաւալել իր գործունէութիւնը: 

 

Եգիպտահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումին եւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրի պատասխանատուներուն հետ համակարգուած աշխատանքներուն զուգահեռ, 2014-ի Սեպտեմբերին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղի ճատրակի դասընթացքը ընդունեց իր առաջին ուսանողները: Դասընթացքին հետեւեցան 11- 65 տարեկան ուսանողներ:  

 

ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի նպատակն է զուգորդել առցանց եւ աւանդական կրթութիւնը եւ տրամադրել ազատ ժամանակացոյց՝ դասերուն հետեւելու համար:   Տիկ. Աննա Տոլապճեան կ'ըսէ. «Ազատ եւ ճկուն մօտեցումը շատ կարեւոր է սփիւռքի համայնքներուն համար: Այս առումով կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայկական Համացանցային Համալսարանին»:  

 

Ճատրակի դասընթաքի արձանագրած յաջողութենէն քաջալերուած, 2016-ի Փետրուարին, որոշում առնուեցաւ ընդլայնել կրթական ոլորտը եւ հետեւիլ Հայոց լեզուի դասընթացքին:  

 

2023-ին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղը եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը նշեցին համագործակցութեան 10-րդ ամեակը: 10 տարուան ընթացքին, համատեղ գործակցութեան շնորհիւ արձանագրուած յաջողութիւններուն միացած է աւելի քան 160 ուսանող:  

 

ՀԲԸՄ -ի Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան կ'ըսէ. «Մենք այսօր շատ ուրախ ենք, որ կը տօնենք  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀՀՀ-ի (AVC) ծրագիրը Եգիպտոսի մէջ սկսելու 10-րդ ամեակը:  Եգիպտահայ գաղութը շատ հին եւ հարուստ պատմութիւն ունի Եգիպտոսի մէջ եւ շատ կարեւոր դեր խաղցած է Եգիպտոսի պատմութեան մէջ:  1800-ական թուականներուն, գաղութի ամէնէն լաւ ժամանակաշրջանին,  ունեցած ենք Եգիպտոսի առաջին վարչապետը՝  Նուպար փաշան։ Հպարտ ենք նաեւ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիմնուած է Գահիրէի մէջ, 1906-ին, Պօղոս Նուպարի եւ Երուանդ Աղաթօնի միջոցով»։

 

Այսօր ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղը կը շարունակէ իր եռուն գործունէութիւնը՝ օգնութեան ձեռք մեկնելով ուսանողներուն, մեծահասակներուն եւ ընտանիքներուն: Առաւել, կ'աջակցի կրթական եւ մշակութային տարբեր ձեռնարկներու իրականացման, ինչպէս՝ ՀԲԸՄ ՀՀՀ Եգիպտոսի ծրագիրի իրագործման:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Համագործակցութեան եւ գործառնական բաժինի ղէկավար Արփինէ Թաւաքալեան կ'ըսէ. « ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի միջոցով մենք կը համագործակցինք տարբեր երկիրներէ աւելի քան 65 դպրոցի եւ համայնքային կեդրոնի հետ»: Ապա, խօսքը շարունակելով կը նշէ. «Թէեւ մեր հաղորդակցութիւնը հեռավար է, բայց միշտ սերտ կապ ունինք մեր գործընկերներուն հետ, որովհետեւ մեզի միաւորողը միեւնոյն առաքելութիւնն է: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Եգիպտոսի մասնաճիւղի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը պարտինք տեղւոյն անձնակազմի եւ  համայնքի անդամներու անշահախնդիր նուիրումին: Այս առթիւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք այս տասնամեայ համագործակցութեան մէջ ունեցան իրենց ներդրումը»: 

 

Այս համագործակցութիւնը իրականացաւ եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ Գահիրէի ծրագիրը իրագործուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջ. Յանձնաժողովի  պատուոյ ատենապետ՝ Պերճ Թէրզեանի, ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճյուղի փոխատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ, լուսահոգի՝ Օննիկ Պըլըքտանեանի եւ յատկապէս ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճյուղի ատենապետ և Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի փոխատենապետ, լուսահոգի՝ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի անխոնջ ջանքի եւ նուիրումի շնորհիւ: