login
Յօդուածներ
2023 թուականի Ձմեռնային ուսումնական շրջանի ուսանողներուն թիւը արձանագրած է բարձր ցուցանիշ 01/20/2023

Այս ձմեռ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի աւելի քան 1000 անգամ կիրարկուած դասընթացքներուն 850-է աւելի  ուսանող արձանագրուած է: 

 

Հետաքրքրական է, որ իրենց ուսումը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջոցով շարունակել փափաքող եւ ՀՀՀ-ին վերադարձող ուսանողներուն թիւը կը կազմէ 38% -ը: 

 

ՀՀՀ-ին վերադարձած ուսանողներէն մէկը այսպէս կը վկայէ. « Ինչպէս միշտ, ես բարձր կը գնահատեմ իմ ուսումնառութեան ընթացքը. ՀՀՀ-ը բարձր մակարդակի կրթական հաստատութիւն է»: Ուրիշ ուսանող մը կը հաստատէ. «ՀՀՀ-ը օգնեց կապուած մնալ հայոց լեզուին եւ հայկական մշակոյթին»:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կարեւոր դերին մասին այսպէս կ'արտայայտուի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն առաջին անգամ արձանագրուած ուսանողներէն մէկը. «Ես կը կարծեմ, որ ՀՀՀ-ը մեծ դեր ունի հայոց լեզուն եւ մշակոյթը հետաքրքրողներուն հասանելի դարձնելու առումով: Շատ շնորհակալ եմ. դասընթացքներուն միշտ պիտի հետեւիմ: Ինծի համար հայոց լեզուն շատ հետաքրքրական է. դասընթացքները հաճելի են»:  

 

Այս ուսումնական շրջանի 25.1%-ը ԱՄՆ-էն է, 23.9% -ը՝ Ռուսիայէն,  20.9%- ը՝ Հայաստանէն, 4.2% -ը՝ Ֆրանսայէն, 3.2% -ը՝ Գանատայէն, եւ այլ ուսանողներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն: 

 

Գարնանային ուսումնական շրջանը ընթացքի մէջ է. աւելի քան 600 ուսանող արդէն արձանագրուած է: