login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կը հարստացնէ իր կրթական ծրագիրները - առցանց նոր այցելութիւն. Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան 05/25/2024

Վերջերս ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի աշխատակազմի անդամները այցելեցին հռչակաւոր բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը՝ ուսանողներուն համար մշակութային առցանց նոր ձեռնարկ մը պատրաստելու նպատակով: 


Առցանց այցելութեան այս նոր ձեռնարկը պիտի ընդգրկուի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին, իսկ հետագային՝  հայ գրականութեան դասընթացքին մէջ:  


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, հայկական կրթութիւն կը տրամադրէ աշխարհի տարածքի բոլոր ուսանողներուն: Այսպիսի առցանց այցելութիւններով եւ ձեռնարկներով ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն սորվելու հայոց լեզուն, գրականութիւնը, այլեւ՝ ուսումնասիրելու հայկական մշակոյթը, բազմաբնոյթ եւ նորարար ել. ծրագիրներով: 


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր ուսանողներուն համար պատրաստած է նաեւ առցանց այլ այցելութիւններ. անոնցմէ նշենք՝ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան, Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտ, Սարդարապատի յուշահամալիր եւ թանգարան, Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարան եւ այլն:


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի իւրօրինակ ծրագիրին միջոցով ուսանողները կրնան ինքնուրոյն հետեւիլ դասաւանդման ութը լեզուներով հասանելի դասընթացքներուն, կապի մէջ մնալ հեռավար ուսուցիչին հետ եւ յաճախ մասնակցիլ առցանց այցելութիւններուն եւ ընկերա-մշակութային ձեռնարկներուն: