login
Յօդուածներ
Լոյս տեսաւ ներգործօն, բազմաբնոյթ «Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ել. ուղեցոյցը 12/15/2021

15 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՀՀՀ-ի ներգործօն ել. գիրքերու շարքի հինգերորդ գիրքի շնորհանդէսը: «Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ներգործօն բազմաբնոյթ ել. ուղեցոյցը պատրաստուած է Սմիթսոնեան ինստիտուտի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի հետ համատեղ եւ հովանաւորուած է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ: Ել. այս ուղեցոյցը կը ներկայացնէ  Գիւմրիի պատմական եւ մշակութային տեսարժան վայրերը բազմաբնոյթ եւ ներգործօն լուծումներով,  3D եւ VR քարտէզներով,  յարակից աղբիւրներու տրամադրումով: Հարուստ բովանդակութեամբ եւ տարբեր լեզուներու թարգմանուած ու ձայնագրութեամբ օժտուած ել. գիրքը կրնան ընթերցել անոնք, որոնք կը փափաքին Գիւմրի այցելել կամ առցանց ուսումնասիրել զայն:  Առցանց շնորհանդէսին ներկայ էր աւելի քան 80 մասնակից՝ հակական եւ միջազգային շրջանակներէ:  
Տեսանիւթը կրնաք դիտել:

 
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարապեան նշեց. «Այս հետաքրքրական ծրագիրը Հայաստանի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Գիւմրիի պատմա–մշակութային արժէքներու մասին տեղեկութիւն տարածելու նոր հնարաւորութիւն մըն է»:


USAID-ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ճեֆ Փարեթչանը հաստատեց, որ այս ծրագիրը «գործընկերութեան դրական ոյժի մէկ օրինակն է»:


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան գիրքը ներկայացնելու ատեն նշեց, որ  ել. նոր գիրքը ՀՀՀ–ի բազմաբնոյթ ել. գիրքերու շարքի  արժանաւոր շարունակութիւնն է․ «Այս անգամ ան գեղեցիկ պատմութիւն-քարտէզի պատկերով  է՝ ներգործօն բազմաբնոյթ բովանդակութեամբ: ՀՀՀ-ը Գիւմրիի գեղեցիկ ժառանգութիւնը առցանց ներկայացնելու համար օգտագործած է ժամանակակից ճարտարագիտութեան լուծումները»:
Ել. ուղեցոյցը կրնաք անվճար ներբեռնել՝  avc-agbu.org/kumayri/wa:


Մամլոյ հաղորդագրութիւնը կրնաք ընթերցել՝
անգլերէն լեզուով
հայերէնով