login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջոցով Արհեստական բանականութեան տարածումը Հայաստանի մէջ 03/31/2024

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Արհեստական բանականութեան (AI) ծրագիրը մեծ տարածում ունի Հայաստանի մէջ: 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին, 5 ուսումնական հաստատութիւններէ աւելի քան 80 աշակերտ կը հետեւի Արհեստական բանականութեան եւ  մեքենագիտութեան դասընթացքներուն:

 

Արհեստական բանականութեան ծրագիրի նպատակն է Հայաստանի դպրոցներու բարձր կարգերու աշակերտներուն տրամադրել համապատասխան գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ: Այս ծրագիրը աշակերտներուն համար առիթ մըն է, որ սերտողութիւններ եւ հետազօտութիւններ կատարելով՝ նախապատրաստուին աշխատանքային կեանքին:

 

Ծրագիրը կ'իրականանայ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, Հայկական «Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան» (UEICT), Սինոփսիս հիմնադրամի, Սինոփսիս Արմենիայի (կրթական բաժին) եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի համատեղ ջամքերով:

 

Ծրագիրը կը տրամադրուի հիպրիթ մեթոտով՝ աւանդական եւ առցանց ուսուցման զուգորդումով: Կը խթանէ գործնական ուսուցումը՝ հետաքրքրական նախագիծերու եւ խմբային աշխատանքներու միջոցով:

 

Այս տարի ծրագիրը իրականացաւ տարբեր դպրոցներու մէջ. յիշենք՝  Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիր, Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոց, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան դպրոց, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի հանրակրթական դպրոց։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը  դարձեալ պիտի համագործակցի Արցախի «Մունք» դպրոցին հետ, որ այժմ Հայաստան կը գտնուի։

 

Դասերը կը վարեն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արհեստական բանականութեան մասնագէտներ՝ Մհեր Երզնկեանն ու Գոհար Զափրոսեանը, որոնք դասաւանդումէն բացի կանոնաւոր կերպով աշակերտներուն հետ հանդիպումներ կը կազմակերպեն եւ վարժարանի ուսուցիչին հետ համագործակցաբար ծրագիրը կը վերահսկեն:  

 

Դասընթացքը կ'ընդգրկէ տարբեր նիւթեր, սկսեալ արհեստական բանականութեան պատմութենէն մինչեւ՝   Python ծրագիր:

 

Այս տարի շատ աշակերտներ աւարտեցին ծրագիրի առաջին մակարդակը:  Դասընթացքի հիմնական մասը կը կազմէ եզրափակիչ խմբային աշխատանքը: Աշակերտները տարբեր խումբերու բաժնուելով, յատուկ նախագիծերով կը ներկայացնեն իրենց ստացած գիտելիքները: Այս աշխատանքը առիթ կը դառնայ նաեւ, որ զարգանայ հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան հմտութիւնը: Դասընթացքի աւարտին աշակերտները քննութիւն կը յանձնեն:

 

Այսպիսի առաջընթաց ծրագիրներ՝ ճարտարագիտութեան աշխարհի փոփոխութիւններու լոյսին տակ, կը նպաստեն ուսանողներու գիտելիքներու եւ հմտութիւններու զարգացման եւ Հայաստանի մէջ թուային ապագայ կերտելու աշխատանքին:  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, Արհեստական բանականութեան կրթութիւնը STEM ուսումնական ծրագրէն ներս ներառելով,  կը ձգտի նոր սերունդին տալ այն կրթութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնայ  յաղթահարել նոր ժամանակներու բարդ մարտահրաւէրները: