login
Յօդուածներ
Հայոց պատմութեան նոր ծրագիր համաշխարհային երկրորդական դպրոցներու համար 08/05/2021

Օսթընի Համաշխարհային գործերու խորհուրդի «Global Scholars Diploma» ծրագիրին հետեւող երեք համաշխարհային երկրորդական վարժարաններ 2021 թուականի աշնան սկսան հետեւիլ Հայկական համացանցային համալսարանի Հայոց պատմութեան դասընթացքին: Այդ վարժարաններն են. Կուաթեմալայի SEK միջազգային երկրորդական վարժարանը, Թեքսասի Del Valle երկրորդական վարժարանը եւ Թայուանի Թայչանկ քաղաքի Չանք –Սինք համալսարանի Affiliated երկրորդական վարժարանը: Ուսանողները պիտի հետեւին ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքներուն, որպէսզի Հայաստանը ուսումնասիրելու առիթը ունենան՝ միջազգային գետնի վրայ: Ի դէպ, Կուաթեմալայի SEK միջազգային երկրորդական վարժարանը կը հետեւի նաեւ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքներուն:

ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հետ համագործակցութիւնը նախաձեռնեց ՀՀՀ-ի նախկին շրջանաւարտներէն եւ «Global Scholars Diploma» ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Քանինկհէմը: Իր նպատակն է, որ հայոց պատմութիւնը դասաւանդուի համաշխարհային տարբեր դպրոցներու մէջ: Ան կ'ըսէ. «ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը 21-րդ դարու կրթութեան ծրագիրի ուղենիշ սիւնն է: ՀՀՀ-ի մօտեցումը շատ սիրեցի, անոր համար հետեւեցայ Հայոց պատմութեան դասընթացքին եւ վկայական ստացայ: Իմ ազգակիցներուս մասին տեղեկութիւն ստանալս մղեց զիս, որ համաշխարհային այլ վարժարանները եւս քաջալերեմ, որպէսզի անոնք եւս օգտուին այս բացառիկ հնարաւորութենէն»:

2 Օգոստոս 2021-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանը եւ ՀՀՀ-ի անձնակազմը մասնակցեցան ծրագիրի մեկնարկի առցանց ծանուցումին:Այս առթիւ, ՀՀՀ-ը 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու դասարանցիներու համար առցանց յատուկ դասընթացք մը կազմակերպեց:

Del Valle երկրորդական վարժարանէն Խուլիօ Վերկարան կը նշէ. «Ես սիրեցի դասընթացքի տեսողական համակարգը: Այդպէս սորվիլ ես շատ կը սիրեմ: Իսկապէս կը գնահատեմ այդ մօտեցումը: Պատկերներ եւ տեսաերիզներ տեսնելով դասը աւելի լաւ կը հասկնամ»:

Նշենք, որ Յունուար 2022 թուականին, այլ դպրոցներ եւս պիտի միանան այս ծրագիրին:

Տեսանիւթին հետեւելու համար սեղմեցէք այստեղ: