login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի առցանց այցելութիւնը դէպի Էրեբունի թանգարան եւ ամրոց 10/21/2019

19 Հոկտեմբեր, 2019-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը հրաւիրէ աշխարհասփիւռ լսարանը, միասնաբար նշելու  Երեւանի 2801 ամեակը՝ այցելելով Էրեբունի թանգարանն ու ամրոցը։ Հայկական Համացանցային Համալսարանը այս ձեռնարկը կը կազմակերպէ համագործակցելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան ու Էրեբունի պատմահնագիտական թանգարան-արգելոցի հետ։ Մասնակիցները կը ծանօթանան թանգարանի ցուցանմոյշներուն եւ սեպագիր այն արձանագրութեան, որ կը համարուի Երեւանի «ծննդեան վկայականը»։ Արձանագրութեան մէջ նշուած է. «…Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի քաղաք…»:  Թանգարանի զբօսավար Սիւզաննա Սարգսեանի եւ ՀՀՀ-ի  կրթական ծրագիրի պատասխանատու Մարինա Խաչատուրեանի ուղեկցութեամբ, ձեռնարկին հետեւողները կը շրջին ամրոցի մէջ՝ մօտէն ծանօթանալով ուրարտական մշակոյթին։   

Առցանց այցելութեան կը մասնակցին ՀՀՀ-ի աշխարհասփիւռ ուսանողները, շրջանաւարտները, դպրոցներն ու համայնքները։