login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ը կը մասնակցի BETT 2020-ի կրթական ցուցահանդէսին 01/25/2020

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Ե. Զօրեան Յունուար 22-25 ներկայ գտնուեցաւ Լոնտոն տեղի ունեցած «British Educational Training and Technology Show 2020» կրթական ցուցահանդէսին։ Կրթական ոլորտի արդի ճարտարագիտութեան նուիրուած ցուցահանդէսին, Դոկտ. Զօրեանի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լոնտոնի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ եւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու գործունեայ անդամ Սարգիս Մազմանեանը։

 

Անոնք ծանօթացան ուսումնական գործընթացին մէջ կիրառուող STEM, VR եւ AR բնագաւառներու նորարարական ճարտարագիտութեան։

 

Իր տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին,  ՀՀՀ-ը միշտ հետեւած է ճարտարագիտութեան արդի լուծումներուն՝ դասընթացքները մշակելու եւ ել. գիրքերը կազմելու ու հրապարակելու համար։ 

 

Դոկտ. Զօրեան կը նշէ.« ՀՀՀ-ի համար այս կրթական ցուցահանդէսը շատ կարեւոր է, որովհետեւ առիթ կ՚ընձեռէ, որ դառնանք առցանց կրթութեան համայնքի գործօն մասնակիցը, գտնենք նոր գործընկերներ եւ ներկայացնենք մեր ձեռքբերումները»։ 

 

BETT որ տեղի կ՚ունենայ ExCeL-ի կեդրոնէն ներս, ճարտարագիտական ոլորտի կրթական ամենամեծ հաւաքն է։  Այս տարի ցուցահանդէսը ընդգրկեց 34 000 մասնակից՝  146 երկիրներէ։