login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի Ամառնային Փորձառութեան Ծրագիրի Մասնակիցները Աւարտեցին ՀՀՀ-ի Հիպրիդ ծրագիրը 08/30/2015
2015 –ի Յունիսի կէսերէն մինչեւ Օգոստոս, 9 շաբաթ տեւող ամառնային ծրագիրի ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի ամառնային փորձառութեան ծրագիրին հետեւողները մասնակցեցան ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի արեւմտահայերէնի դասընթացքին: Երեք տարիէ, ՀՀՀ-ն հայոց լեզուի դասընթացքներ կը տրամադրէ այս ծրագիրին, օգնելով մասնակիցներուն զարգացնելու իրենց լեզուական հմտութիւնները: Առաջին անգամ ըլլալով, ՀՀՀ-ի եւ Երեւանի ամառնային փորձառութեան ծրագիրի(YSIP) համագործակցութեան պատմութեան մէջ, ծրագիրի հետեւողներուն եւ ՀՀՀ-ի կրթական անձնակազմի որոշումով, ընտրուեցաւ արեւմտահայերէնի դասընթացքը. նախապէս միշտ կը կիրարկուէր արեւելահայերէնի դասընթացքը: Մասնակիցները բաժնուեցին երկու խումբի. առաջին խումբին մաս կազմեցին սկսնակներն ու տարրական մակարդակի, իսկ երկրորդ խումբին՝ միջին մակարդակի ուսանողները: ՀՀՀ-ի օնլայն ուսուցիչներ՝ Անի Տեկիրմէնճեանը եւ Զեփիւռ Խպլիկեանը հայերէնի դասընթացքներ տրամադրեցին, հիմք ընդունելով օնլայն դասըթացքներու նիւթերը: Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ՀՀՀ-ի Կրթական Բաժինի Տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը, վկայականներ տրամադրեց մասնակիցներուն։ Անոնք գոհ էին ու շնորհակալ, որովհետեւ կարճ ժամանակի մէջ ստացան գիտելիքներ եւ արեւմտահայերէնի դասընթացքին անվճար մասնակցելու հնարաւորութիւն մը։