login
Յօդուածներ
Առցանց Միջոցառումները Կը Հարստացնեն ՀՀՀ-ի Ծրագիրները 01/20/2016
2016-ի ձմեռնային ուսումնական շրջանին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը իր ուսանողներուն համար կազմակերպեց առցանց երկու հանդիպում, նուիրուած Բարեկենդանին եւ Ս. Սարգիս ու Տեառնընդառաջ տօներուն։ Մեծ պահքին նախորդող տօնը՝ բարեկենդանը, հարուստ է հետաքրքրական ծէսերով, տօնակատարութիւններով։ ՀՀՀ-ի ուսուցիչները մասնակիցներուն ներկայացուցին հետաքրքրական սովորութիւնները եւ փոխանցեցին տօնի խանդավառ մթնոլորտը։ Հաւատարիմ մնալով տօնի աւանդոյթներուն, մասնակիցներուն ցոյց տուին ակլատիզը , ծիսական տիկնիկը, որ պատրաստուած կ՚ըլլայ սոխէ, հաւի փետուրներէ եւ արտաքին տեսքով կը նմանի խրտուիլակին։ Մասնակիցները առիթն ունեցան լսելու տօնի նուիրուած ոտանաւորները, երգերը, եւ ծանօթանալու տօնական ճաշատեսակներու եւ խմորեղէններու բաղադրատոմսերուն։ Իսկ, մէկ հանդիպումի մէջ միահիւսուած Ս. Սարգիս եւ Տեառնընդառաջ տօներուն նուիրուած ձեռնարկը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս հայերը կը նշեն սիրոյ տօնը՝ եկեղեցական տօնակատարութիւններու եւ ծէսերու միջոցով։ ՀՀՀ-ի ուսուցիչները ուսանողներուն ներկայացուցին երկու տօներու աւանդոյթները, ինչպէս՝ Ս. Սարգիս տօնի նախորդող գիշերը աղի բլիթ ուտելը, Տեառնընդառաջին խարոյկի վրայէն ցատկելը, եւն….։ Դասընթացքներուն զուգահեռ, ՀՀՀ-ն , պարբերաբար, ընկերային-մշակութային ձեռնարկներ կը կազմակերպէ իր ներկայ եւ ընթացաւարտ ուսանողներուն համար։ Այսպիսի ձեռնարկներու շնորհիւ, մասնակիցները կը ծանօթանան հայկական աւանդութիւններուն, մշակոյթին, առաւել իրարու հետ մտերմանալու առիթը կ՚ունենան։