login
Յօդուածներ
Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի «Հայլեռ» Կիրակնօրեայ Դպրոցի Աշակերտները Կը Ստանան ՀՀՀ-ի Վկայականները 05/30/2015
3 Յունիս 2015-ին Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի «Հայլեռ» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ստացան ՀՀՀ-ի վկայականներ, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտելու առթիւ: «Հայլեռ»-ը ՀՀՀ-ին միացած է 2014 թուականաի ձմեռնային ուսումնական շրջանէն։ Աշխարհասփիւռ շարք մը դպրոցներու եւ գաղութներու պէս, կ՚օգտուի ՀՀՀ-ի հայագիտական նիւթերու դասաւանդման հիպրիդ մեթոտի առաւելութիւններէն։ Քսան աշակերտները, որոնք մասնակցած էին արեւելահայերէնի դասընթացքին, բարձր գնահատեցին մուլթիմետիա դասերը եւ մայրենի լեզուն առցանց կրթութեամբ, արդի ճարտարագիտութեամբ եւ մեթոտներով, սորվելու հնարաւորութիւնը։ Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելու առիթով, ՀՀՀ –ի ակադեմական բաժինի տնօրէն դոկտոր Յասմիկ Խալափեանը եւ հիպրիդ կրթութեան ծրագիրի համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը շնորհաւորեցին Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի «Հայլեռ» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, յայտնելով, որ ՀՀՀ-ն հպարտ է իրենց յաջողութիւններով: Աշխարհի բոլոր կողմերէն, տարբեր դպրոցներ եւ համայնքային կեդրոններ, կը շարունակեն միանալ ՀՀՀ-ին։ Անոնք, հիպրիդ ծրագիրի շնորհիւ, կը ստանան լաւ կրթութիւն՝ աւանդական եւ առցանց կրթական համակարգերու միջոցով։