login
Յօդուածներ
Մեր Անցեալը Միշտ Կ՚արտացոլուի Մեր Ներկայի Մէջ 04/20/2015
100 տարի առաջ, ֆրանսացի գրող Անատոլ Ֆրանս կը գրէ. «Հայաստանը կը մահանայ, բայց պիտի վերածնուի: Այն ջնջին արիւնը, որ մնացած է, չափազանց յարգի է, որովհետեւ ծնունդ պիտի տայ նոր, հերոսական սերունդի մը: Այն ազգը, որ չ՚ուզեր մեռնիլ, երբեք պիտի չմահանայ»: Այո, ազգը գոյատեւեց ու դիմագրաւեց բնաջնջման բոլոր փորձերը: Վերապրեցաւ եւ ծնունդ տուաւ նոր սերունդի մը։ Ազգը կեանքի կոչուեցաւ, բայց սարսափը՝ երբեք չմոռցուեաւ: Այսօր, հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, վերապրողներն ու անոնց թոռնիկները չեն կրնար հեռանալ սարսափելի անցեալէն։ Աւելի ճիշդ, չեն փափաքիր հեռանալ, նոյնիսկ եթէ՝ կրնան։ Անոնք , կը շարունակեն կրել այն ցաւը, որ իրենց մէջ մնացած է գրեթէ մէկ դարէ ի վեր, որպէսզի կոտրեն լռութիւնը, բեկանեն անտարբերութիւնը: Ամբողջ աշխարհը պէտք է ընդունի, որ հայ ազգը դատապարտուած էր մահուան: Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի յիշատակումին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը վերապրողներու ժառանգորդներուն առիթ տուաւ վերապատմելու նախնիներու պատմութիւնը` զայն ներկայացնելով ՀՀՀ-ի աշխարհասփիւռ լսարանին: ՀՀՀ-ի պարտաճանաչ ուսանողուհի Սեւան Վարդանեանը կը ներկայացնէ իր ընտանիքի պատմութիւնը, խօսելով այն ցաւի մասին, որուն ենթարկուած են իր նախնիները, 20-րդ դարու սկիզբը։ Սեւանի մեծ հայրը, Արթին Վարդանեանը, ուրֆացի էր։ Ուրֆան Արեւմտեան Հայաստանի ծաղկուն քաղաքներէն էր: Արթինը ութ տարեկան էր, երբ տեղի կ՚ունենան հայերու զանգուածային կոտորածները: Հօրը սպաննած են թուրք զինուորները: Իսկ մայրը, մանկահասակ զաւակներուն հետ, աքսորուած է Սուրիոյ անապատը, մատնուելով անյայտութեան՝ Տէր Զօրի կիզիչ արեւին տակ ։ Նոյնիսկ այսօր, երբ Սեւանը կը պատմէ իր մեծ հօր պատմութեան մանրամասնութիւնները, աչքերուն առջեւ կը պատկերուի սարսափը։ Մեծ հայրը պատմած է, թէ ինչպէս թուրք զինուորները եւ քիւրտ աւազակները կը տանջէին կիներն ու երեխաները, կը սպաննէին, ապա, հրացաններու կոթերով կը հարուածէին անոնց մարմինները, որպէսզի համոզուէին, թէ իրենց զոհերը մահացած են։ Արթինի մայրը եւ երկու կրտսեր եղբայրները կը սպաննուին: Արթինը կ՚որոշէ փախչիլ: Երբ իրեն կը հարուածեն, կը ձեւացնէ, թէ իբրեւ մահացած է: Այսպիսով, ան ողջ կը մնայ, բայց` առանձին: Կը յաղթահարէ սովը եւ հիւանդութիւնը: Կը փրկուի Աստուծոյ նախախնամութեամբ։ Մահմետական արաբ ընտանիք մը, որ անապատէն կ՚անցնէր, զինք կը փրկէ եւ կը խնամէ։ Արթինը կը մեծնայ այդ ընտանիքին մէջ։ Երբ 15 տարեկան կը դառնայ, ընտանիքի երէցը կ՚որոշէ զինք ամուսնացնել իր աղջիկին հետ: Քրիստոնէական հաւատքը, որ դեռ ամուր մնացած է հայ երիտասարդի մէջ, կը ստիպէ, որ փախչի մահմետական կնոջ հետ ամուսնանալու պարտաւորութենէն: Այս անգամ, ան կը յայտնուի սուրիացի արաբ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ։ Թէեւ կ՚ամուսնանայ Մարիամի`նոր ընտանիքի քրիստոնեայ աղջիկին հետ, բայց իր ապագայ սերունդներուն մէջ կը սերմանէ հայկական ոգին, մշակոյթը եւ մտածելակերպը: Այսօր, երբ Սեւանը կը ներկայացնէ իր ընտանիքի պատմութիւնը, ինքզինք աւելի ազատ կը զգայ: Հայկական Համացանցային Համալսարանը, իր կոչումին գիտակցութիւնն ունենալով, կ՚օգնէ հայերուն, որ պատմեն իրենց յուշերը, պարզեն իրենց ինքնութիւնը, որպէսզի , այսպիսով կարելի ըլլայ ցաւը մեղմել, նայիլ դէպի ապագան եւ հասնիլ ճանաչման: