login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ճատրակի Առցանց Դասընթացի Միջին Մակարդակը Հասանելի Է 09/10/2016
2016-ի Աշնանային Ուսումնական Շրջանի դասընթացը համալրուեցաւ «Ճատրակի Ռազմավարութիւն-Միջին Մակարդակ» առցանց դասընթացով։ Նոր դասընթացը մշակուեցաւ ճատրակի առցանց դասընթացի առաջին երկու մակարդակները յաջողութեամբ աւարտած ուսանողներու պահանջին ու խնդրանքին համաձայն։ Այս դասընթացը կը միտի նպաստել ուսանողներու հմտութիւններու զարգացման՝ տրամադրելով նոր գիտելիքներ։ Նոր դասընթացին զուգահեռ, նոր տարազումով արդէն իսկ երկու դասընթացներ յայտնուեցան, այսինքն դարձան աւելի կենսունակ եւ հարստացան նոր գործառնութիւններով։ Ճատրակի դասընթացը անվճար տրամադրուած է բոլոր ուսանողներուն։