login
Յօդուածներ
Ժընեւի Հայկական Դպրոցն Ու Գրադարանը Հիւրընկալեցին ՀՀՀ-ի Հիմնադիր՝ Դոկտ. Ե. Զօրեանը 03/30/2017

Սոյն թուականի Մարտին, ՀՀՀ-ի մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու միտումով, ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Ե. Զօրեանը այցելեց Ժընեւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական ժողովի անդամ, Ժընեւի երեւելի դէմքերէն՝ Պրն. Վահէ Կապրաշը հիւրենկալեց Դոկտ. Զօրեանը: Դոկտ. Զօրեանը, Պրն. Կապրաշի ուղեկցութեամբ այցելեց գաղութի բոլոր կառոյցները եւ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Ժընեւի հայկական կեդրոններէն ներս։ Համագործակցութեան նոր հիմքեր հաստատուեցան:

Դոկտ. Զօրեան նախ հանդիպում ունեցաւ Ժընեւի Թօփալեան հայկական դպրոցի աշակերտներուն հետ: Անոնք տեղեկութիւն ստացան հեռավար ուսուցման այն հնարաւորութիւններուն մասին, որոնք ՀՀՀ-ը կ’առաջարկէ դպրոցներուն եւ խումբերուն, ինչպէս նաեւ անհատ ուսանողներուն: Այցելութեան ընթացքին, Դոկտ. Զօրեանը հանդիպում ունեցաւ Թօփալեան դպրոցի ներկայացուցիչներ՝ Անի Մեսրոպեանի եւ Նեւրիկ Ազատեանի հետ: Անոնք քննարկեցին ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութիւնը դպրոցի ուսումնական ծրագիրէն ներս ներառելու հնարաւորութիւնները: Նախատեսուեցաւ, որ ծրագիրը սկիզբ առնէ 2017-ի Սեպտեմբերին, ընդգրկելով դպրոցի երկու բարձր դասարանները:

Դոկտ. Զօրեանը, նաեւ, այցելեց Ժընեւի հայկական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ գրադարանը: Հին եւ նոր գիրքերով հարուստ գրադարանը, մեծ դեր ունի հայկական մշակոյթը պահպանելու առումով: Գրադարանի հոգատար եւ խնամակալ Նեւրիկ Ազատեանը խոստացաւ աջակցիլ ՀՀՀ-ին՝ ծաւալելու իր ազգանուէր ծրագիրները։

Արդիւնաւէտ կապ հաստատուեցաւ նաեւ Ժընեւի ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներ խումբի ատենապետ՝ Ռուպինա Յակոբեանի հետ: Երիտասարդ ղեկավարին շատ հետաքրքրեց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը: Ան փափաքեցաւ դառնալ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչը Ժընեւի մէջ եւ ՀՀՀ-ի ծրագիրը ծանօթացնել բոլորին՝ Երիտասարդ Արհեստավարժներու օգնութեամբ:

Դոկտ. Զօրեանի Ժընեւ կատարած այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Զուիցերիոյ հայ գաղութի ղեկավար՝ Նժդեհ Խաչատուրեանի հետ հանդիպումով: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան յետագայ ծրագիրները:

Վստահ ենք, որ այս հանդիպումները պիտի նպաստեն ՀՀՀ-ի գործունէութեան տարածմանը եւ պիտի խթանեն համագործակցութիւնը՝ այլ գաղութներու հետ: