login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Եւ «Անի» Ծրագիրի Համագործակցութիւնը 06/30/2016
2015-ին սկիզբ առած «Անի» ծրագիրի նպատակն է նպաստել հայկական միջնակարգ դպրոցներու աշակերտութեան անգլերէն լեզուի իմացութեան զարգացման: Այս ծրագիրի յաջողութեան եւ իրագործման համար «Անի» ծրագիրը համգործակցեցաւ ՀՀՀ-ի հետ, ակնկալելով վերջինիս աջակցութիւնը: 2016 թուականի Մարտ ամիսէն, ՀՀՀ-ի համագործակցութեան զարգացման մասնագէտ Նայիրա Գասպարեան, աշխուժօրէն համագործակցեցաւ տարբեր դպրոցներու հետ: Կատարեց բազմաթիւ այցելութիւններ եւ ծրագիրը ներկայացուց դպրոցներու աշխատակիցներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Ծրագիրին գաղափարը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ: 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին հինգ դպրոց միացան ծրագիրին: 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին, «Անի»ի եւ ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի, այլ դպրոցներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ նախագիծը ներկայացնելու նպատակով: