login
Յօդուածներ
2015-ի Աւարտին ՀՀՀ –ի Ել. Գիրքերը Ունին Աւելի Քան 16,500 Ընթերցող 12/30/2015
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի նախաձեռնութեամբ, հայկական նիւթերու վերաբերեալ ելեկտրոնային աղբիւրները զգալիօրէն աւելցան: ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ն սկսաւ մշակել իր ել. գիրքերու շարքի առաջին գիրքը 2014 -ին, երբ արդէն անհրաժեշտ էր բաւարարել ընթերցողներու պահանջքը, տրամադրելով հայագիտութեան բնագաւառի նիւթեր՝ մուլթիմետիա հարթակի վրայ։ Երբ հրապարակուեցաւ երկրորդ գիրքը, ՀՀՀ-ի մուլթիմետիա գիրքերը ընթերցողներուն թիւը աննախադէպօրէն բարձրացաւ եւ 2015 -ի վերջաւորութեան անոնց թիւը հասաւ՝ 16,933-ի: Առաջին ել. գիրքը` «Հայկական Բարձրաւանդակը»-ը, 2014 -ի Սեպտեմբերին արդէն ունէր 2822 ընթերցող: Յստակ էր, ել. գիրքերու շարքի արձանագրած մեծ յաջողութիւնը. ուստի անհրաժեշտ էր հարստացնել այս նախաձեռնութիւնը՝ նոր նիւթերով: 1 Ապրիլ 2015-ին հրապարակուած երկրորդ ել. գիրքը` «Բացայայտենք Երեւանը» նուաճեց ընթերցողներու թիւի աւելի բարձր ցուցանիշ` յաջորդող ամիսներու ընթացքին արձանագրելով օրական ներբեռնումներու թիւի աճ: Այն փաստը, որ ել. գիրքերու շարքը ամբողջովին նուիրուած է հայկական նիւթերուն, ոչ մէկ խոչընդոտ հանդիսացաւ օտար ընթերցողներուն: Այս շարքի նպատակն է գիտելիքներով հարստացնել ոչ միայն հայերը, այլ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն ունին հայկական նիւթերուն հանդէպ: Գիրքերու գրաւիչ ոճը, մատչելիութիւնը եւ արդի միջոցներու կիրառումը առաւել հաճելի կը դարձնեն ընթերցումը: Գիրքերը հասանելի են հասարակութեան լայն զանգուածին, որովհետեւ գրուած են այնպիսի լեզուով եւ ոճով, որ մատչելի են թէ բարձր կրթութիւն ստացած եւ թէ պարզ ընթեցողին: Ել. գիրքերու շնորհիւ, ՀՀՀ-ը շարունակեց հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեանը, օգնելով հայերուն, որ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով բացայայտեն ու ճանչնան հայկական ինքնութիւնը, պատմական, մշակութային եւ լեզուական հարստութիւնը։