login
Յօդուածներ
«Բացայայտիր Հայաստան» Ծրագիրի 35 Ուսանողները ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ն Այցելեցին 09/17/2010

Վրաստանի երկրորդական դպրոցներու խումբ մը աշակերտներ 2010 թուականի Սեպտեմբեր 17ին ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարան այցելեցին: Անոնք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրի 5րդ խումբի ներկայացուցիչներն էին: ՀՀՀ-ի օնլայն ուսուցիչները հիւերը սիրով ընդունեցին եւ անոնց համալսարանի մասին պատմեցին: ՀՀՀ-ի ընդհանուր գործունէութեանը ծանօթանալէ ետք աշակերտները միջին դարերու հայոց պատմութեան դասընթացքը ունկնդրեցին: 5րդ խումբի անդամներէն ոմանք 2010 թուականի աշնանային ուսումնական շրջանին փափաքեցան մասնակցիլ: