login
Յօդուածներ
Հայոց Լեզուի Դասերը կը Շարունակուին Հայ-Ռուսական (Սլաւոնական) Համալսարանէն Ներս 11/10/2017

ՀՀՀ-ի եւ Երեւանի Հայ-Ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանի (ՀՌՀ) միջեւ հաղորդակցութիւնը թեւակոխեց իր երկրորդ տարեշրջանը։ Աշնան ՀՌՀ-ի 12 ուսանողներէ կազմուած նոր խումբ մը սկսաւ հետեւիլ հայոց լեզուի դասընթացքին։

 

Յունիս 2017-ին, կառավարում եւ միջազգային յարաբերութիւններ բաժիններու ուսանողները յաջողութեամբ աւարտեցին միամեայ դասընթացքը եւ ստացան աւարտական վկայականները։

 

ՀՌՀ-ի ուսանողներուն մեծ մասը եկած է Ռուսիայէն կամ նախկին խորհրդային երկիրներէն։ Անոնք քիչ եւ կամ ընդհանրապէս չեն տիրապետեր հայերէնին, քանի որ հայկական դպրոց յաճախելու եւ կամ տան մէջ հայերէն սորվելու հնարաւորութիւնը չեն ունեցած։ ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքի շնորհիւ, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, անոնք սորվեցան արեւելահայերէնի հիմունքները։

 

Դասընթացքը կը մատուցուի ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի համաձայն, այսինքն առցանց եւ աւանդական դասաւանդման զուգորդումով։ Ուսանողները դասերը առցանց կ՚ուսումնասիրեն եւ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրի պատասխանատու Մարինա Խաչատուրեանի հետ, շաբաթական հանդիպումներու ընթացքին կը զարգացնեն եւ կը կատարելագործեն իրենց ստացած գիտելիքները։ Դասընթացքի ընթացքին ուսանողները կը մասնակցին նաեւ տարբեր դասախօսութիւններու եւ ընկերային մշակութային ձեռնարկներու, որոնցմէ կրնանք յիշել դէպի Մատենադարան կատարուած այցելութիւնը։ Այս բոլորին նպատակն է ուսումը աւելի հետաքրքրական դարձնել, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ուսանողներուն ծանօթացնել։

 

Վկայականներու բաշխման օրը, ուսանողներու կողմէ արտասանուած հայերէն շնորհակալական խօսքերը հանդիսացան ՀՀՀ-ի եւ ՀՌՀ-ի համագործակցութեան յաջողութեան լաւագոյն ապացոյցը։