login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ընդլայնումը 09/30/2016
30 Սեպտեմբեր 2016 –ին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը այցելեց Երեւանի ԵՊԲՀ Հերացի աւագ դպրոցը, ՀՀՀ-ի ծրագիրը՝ ընդհանրապէս եւ հիպրիթ ծրագիրը՝ յատկապէս աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին ներկայացնելու համար: ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը ներկայացուց համալսարանի գործունէութիւնը, խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէս ճարտարագիտութիւնը վերափոխեց սորվելու սովորոյթը, շեշտելով, որ ՀՀՀ-ը կ’օգտագործէ ճարտարագիտութեան արդի միջոցները, հասանելի դառնալու համար աշխարհի տարածքին գտնուող իր բոլոր ուսանողներուն: Ներկաները ծանօթացան ՀՀՀ-ի հայագիտական առարկաներու առցանց ուսուցման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին, որ կապ կը հաստատէ ՀՀՀ-ի եւ դպրոցներու միջեւ: Դպրոցի արտաքին կապերու պատասխանատու Աննա Աւետիսեանը, դպրոցի անունով յայտնեց պատրաստակամութիւնը միանալու ՀՀՀ-ին: Խոստացաւ աջակցիլ կրթական երեւութական համայնքին եւ աշխարհատարած հայ ուսանողներու միջեւ ընկերային կապ հաստատելու ՀՀՀ-ի նպատակներու իրագործմանը: