login
Յօդուածներ
Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին 07/07/2016
2016 թուականի ամրան շրջանին, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ՀՀՀ հարուստ էր իրադարձութիւններով: Բազմաթիւ հիւրեր այցելեցին ՀՀՀ եւ ծանօթացան առցանց կրթութեան հնարաւորութիւններուն: Յատկանշական էր հանդիպումը սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ, որոնք Հայաստան եկած էին մասնակցելու ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Ամառնային Դպրոց» ծրագիրին: Յուլիս 7-ին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ կազմակերպեց յատուկ հանդիպում՝ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան համակարգը ներկայացնելու համար: Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՀՀ, ցոյց տալով ուսուցիչներու եւ աշակերտութեան համար առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները: ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեան ուսուցիչներուն ներկայացուց հիպրիթ կրթութեան իւրայատկութիւնները: Այս հանդիպումը, հիպրիթ կրթութեան ոլորտէն ներս, ՀՀՀ-ի եւ սփիւռքի ուսուցիչներու միջեւ համագործակցութեան նոր եզր հաստատեց: