login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ը Մասնակցեցաւ Ձեռներէցութեան Եւ Նորարարական Ճարտարագիտութիւններուն Նուիրուած Համաժողովին 06/03/2016
Յունիս 3-ին, ՀԱՀ-ի կազմակերպած ձեռներէցութեան եւ նորարարական ճարտարագիտութիւններուն նուիրուած համաժողովի ընթացքին, ՀՀՀ-ի Կրթական Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեան, ներկայացուց ՀՀՀ-ի կրթական նորարարական ծրագիրը: Համաժողովը տեղի ունեցաւ ՀԱՀ-ի հիմնադրման 25-րդ ամեակի եւ ՀԱՀ-ի ձեռներէցութեան եւ նորարարական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի (EPIC) բացման առթիւ: Համաժողովին ներկայ էին այս ասպարէզի մէջ գործունէութիւն ծաւալող բազմաթիւ ընկերութիւններ: Դոկտ. Յասմիկ Խալափեան ներկայացուց ՀՀՀ-ը, խօսելով ուսուցանելու նոր միջոցի եւ կրթական նոր մշակոյթի մասին: Ան յատկապէս նշեց, որ ՀՀՀ-ը, իր ծրագիրներով, կը բաւարարէ այսօրուան պահանջքները: Ներկաները ծանօթացան ՀՀՀ-ի նորարարական կարողութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն: ՀՀՀ-ի համար, համաժողովը հանդիսացաւ նոր հարթակ, կրթական նորարարական միջոցներ խթանելու եւ Հայաստանէն ու Հայաստանէն դուրս գտնուող տարբեր ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան նոր հորիզոններ բացայայտելու առումով: