login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Համագործակցութիւնը Այբ Դպրոցի Հետ 01/27/2015
27 Յունուար 2015 ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը ‹‹Այբ›› աւագ դպրոցի մէջ հանդէս եկաւ յատուկ դասախօսութեամբ: ‹‹Այբ›› ը սեփական դպրոց մըն է Երեւանի մէջ, որ կ՚որդեգրէ դասաւանդման նորագոյն միջոցները եւ ճարտարագիտութեան լաւագոյն աւանդոյթները: Ձեռնարկին մասնակցեցան մօտաւորապէս 100 աշակերտներ: Դոկտոր Զօրեան ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրները, յատկապէս անդրադառնալով ել. գիրքերու շարքին: ‹‹Նորագոյն Ճարտարագիտութիւնը Եւ Կրթութիւնը›› վերնագիրը կրող դասախօսութեան նպատակն էր ցոյց տալ ՀՀՀ-ի գործոնէութիւնը, որ կը նպաստէ հայագիտական կրթութեան տարածմանը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ‹‹Այբ›› աւագ դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեանի բացման խօսքով: Ան ներկայացուց Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի կենսագրութիւնը, գործունէութիւնը եւ ՀՀՀ-ի հիմնադրման մէջ ունեցած մեծ ներդրումը: Ապա խօսեցաւ ՀՀՀ-ի առաքելութեան եւ հեռանկարներուն մասին: Դոկտոր Երուանդ Զօրեան, նշեց ՀՀՀ-ի նպատակներն ու հիմնական արժէքները: ‹‹Այբ›› դպրոցի աշակերտները ծանօթացան ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն, դասաւանդման նորարարական միջոցներուն եւ ՀՀՀ-ի ստեղծած երեւութական հաղորդակցման հարթակին: Դոկտոր Զօրեան խօսեցաւ, նաեւ, ել. գիրքերու մասին, նշելով որ ել. Գիրքը Հայաստանի մասին պատկերացում կազմելու ժամանակակից լաւագոյն միջոցն է: Ան հաստատեց. ‹‹Մուլթիմետիա ելեկտրոնային գիրքերու շարքը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ հարստացնելու մեր գիտելիքները՝ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ››։ Դասախօսութեանը յաջորդեց խանդավառ զրոյց: ‹‹Այբ›› դպրոցի աշակերտները հարցումներ տուին , յայտնեցին իրենց տպաւորութիւններն ու առաջարկները: Որոշ ուսանողներ, նոյնիսկ, ուզեցին կամաւոր ներգրաւուիլ գործունէութեան մէջ, աջակցելով ՀՀՀ –ի առաքելութեան իրականացմանը: ՀՀՀ-ի եւ Այբ դպրոցի հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Այս հանդիպումը հանդիսացաւ նոր համագործակցութեան մը ամուր հիմքը: