login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Եւ Երեւանի Քաղաքապետարանը Ներկայացուցին Ներգործօն Ելեկտրոնային Նոր Գիրքը՝ «Բացայայտենք Երեւանը» 04/01/2015
1 Ապրիլ 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) եւ Երեւանի քաղաքապետարանը հանդէս եկան ընդհանուր հրապարակումով մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին ներգործօն ելեկտրոնային նոր գիրքը` «Բացայայտենք Երեւանը. Քաղաքի Անցեալը Եւ Ներկան»: Գիրքը կը համալրէ ՀՀՀ-ի հրապարակած գիրքերու շարքը՝ մուլթիմետիա հարթակի վրայ: Երեւանի Քաղաքապետարանի սրահի մէջ կազմակերպուած ընդհանուր հրապարակումին ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովին մասնակից շուրջ 100 սփիւռքահայեր, դիւանագիտական կառոյցներու, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող ազգային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներու ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Հետաքրքրական եւ օգտակար գիտելիքներով յագեցած գիրքը ներակայացուած է հաճելի ոճով: Գիրքը պատրաստուած է ընթերցողներուն օգնելու, որպէսզի հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցընեն Երեւանի եւ իր շրջապատին մէջ: Ել. գիրքը կը ներկայացնէ տարբեր ծրագիրներ, սկսեալ շրջագայութիւններէն մինչեւ մշակութային տօնակատարութիւններ եւ ընկերային միջոցառումներ: Քաղաքը եւ շրջապատը ընթերցողներուն ներկայացնելու համար օգտագործուած են տեսահոլովակներ, ներգործօն քարտէզներ, առցանց շրջագայութիւններ, նկարներու պատկերասրահներ, եռաչափ պատկերներ, համայնապատկերներ եւ գրաւիչ պատմութիւններ: Պատմական, ընկերային եւ ժողովրդագրական տեղեկութիւններով հարուստ գիրքը կատարեալ աղբիւր մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին այցելել Երեւանը կամ պարզապէս կ՚ուզեն ծանօթանալ քաղաքի պատմութեանը: Ել. գիրքի անգլերէն տարբերակին շուտով պիտի յաջորդեն արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն տարբերակները: Կրնաք անվճար ներբեռնել գիրքերու շարքը, կամ browser տարբերակով առցանց տեսնել Apple iBook store-ի վրայ: Այս առթիւ, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մատուցման նորարարական եղանակով եւ նոր տեղեկութիւններով հարուստ «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը կատարեալ աղբիւր է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին առաւելագոյն չափով օգտուիլ երեւանեան իրենց այցելութենէն եւ/կամ հարուստ տեղեկութիւններ ստանալ աշխարհի հնագոյն քաղաքններէն մէկուն մասին»:Ապա նշեց. «Վստահ եմ, որ ընթերցողներու լայն զանգուածը ձեռք կը բերէ այս գիրքը եւ կը նպաստէ, որ Երեւանը նկատուի աշխարհի լաւագոյն վայրերէն մէկը՝ զբօսաշրջութեան համար»: Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը արժեւորեց Երեւանի քաղաքապետարանի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութիւնը, հաւատալով որ այն պիտի նպաստէ նմանատիպ յաջող նախաձեռնութիւններու իրականացմանը՝ յաճախ եւ միշտ: Ան մատնանշեց. «Իսկապէս մեծ աշխատանք կատարուած է: Նորագոյն ճարտարագիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ, որ մեր 2796-տարեկան մայրաքաղաքը աշխարհին ներկայանայ իբրեւ գրաւիչ քաղաք, զբօսաշրջութեան առումով»: Ապա աւելցուց, թէ այսպիսի հետաքրքրական աշխատանքները կը նպաստեն , որ զարգանայ հետաքրքրութիւնը գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ: ՀՀՀ-ի գործընկերները, միջազգային ներկայացուցիչները եւ ուսանողները, աշխարհի տարբեր երկիրներէն, առցանց միացան ընդհանուր հրապարակումին, շնորհաւորելու եւ ել. գիրքի մասին իրենց գնահատանքը յայտնելու համար: Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան Հայկակական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան կը նշէ. «Հայագիտական նիւթերը հեռու են ժամանակակից ճարտարագիտութեան կիրառումէն: Ահաւասիկ ՀՀՀ-ն կը լրացնէ այդ բացը»: Չինաստանի եւ Արեւելեան Ասիոյ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Հենրի Արսլանեանը, որ «ՉինաՀայի», Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահն է, խօսեցաւ իր համայնքի կարիքներուն եւ ՀՀՀ-ի կարեւոր աշխատանքին մասին, թէ ինչպէս երիտասարդ սերունդին հայոց լեզու դասաւանդելու միջոցով կ՚օգնէ համայնքի հայկական ինքնութեան պահպանման: ՀԲԸՄ-ի Կրթաթոշակներու Եւ Այլընտրանքային Կրթութեան տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեանը նշեց, որ ՀՀՀ-ն ել. գիրքերու միջոցով ընդլայնած է իր ծրագիրը եւ առցանց լսարանէն հասած է հանրութեան լայն զանգուածին։ Ընդգծեց, որ նոր ել. գիրքը կը հանդիսանայ ծրագիրի ընդլայնման հիանալի արտայայտութիւնը: Ռումանիայէն, ՀՀՀ-ի ուսանող՝ Մարիա Եպատովը, որ Երեւանի Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի դասախօս է, հաստատեց. « Դասընթացքներու, առցանց շրջագայութիւններու եւ ել. հրապարակումներու միջոցով ՀՀՀ-ն կը տրամադրէ այն, ինչ անհրաժեշտ է ուսանողներուն՝ հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվելու համար»։ Իսկ Մոնթրէալի ( Գանատա ) ՀԲԸՄ-ի Ատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Արմէն Քէպէք դպրոցի տնօրէն՝ Շահէ Թանաշեանի վկայութեամբ. «ՀՀՀ-ն կը լրացնէ հայագիտական նիւթերու մէջ ժամանակակից միջոցներ կիրառելու պահանջքը»։ Աննա Տոլապճեանը, ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչը Եգիպտոսի մէջ, խօսեցաւ հայոց լեզուի եւ ճատրակի հիպրիդ մեթոտով դասաւանդման փորձի եւ նոր նախաձեռնութիւններու մասին։ Հաստատեց, որ այս փորձառութիւնը, գաղութի այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելու եւ ՀՀՀ-ի գործունէութեան սահմանները ընդարձակելու հնարաւորութիւնը տուած է ։ Թուրքիայէն եւ Դանիայէն եւս կարգ մը ուսանողներ խօսեցան ՀՀՀ-ի միջոցով հայագիտական նիւթեր սորվելու իրենց փորձի մասին։ Անոնք նշեցին, որ ՀՀՀ-ն կ՚օգնէ աւելի լաւ ճանչնալու հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ կը նպաստէ ընտանիքի անդամներու մերձեցման։ «ՀՀՀ-ն հայկական առաջին կազմակերպութիւններէն է, որ կ՚օգտագործէ Ճումակը, ներգործօն բովանդակութիւն ստեղծելու համար »,- ըսաւ Ճումակ ընկերութեան գործադիր տնօրէն եւ նախագահ՝ Ռուբէն Վարդանեանը: Ան ողջունեց ել. գիրքերու մէջ արդի ճարտարագիտութեան կիրառումը եւ զանոնք անվճար տրամադրելու նախաձեռնութիւնը: Միջոցառումին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը պարգեւատրուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ոսկէ մետալով: Փոխադարձաբար, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանին նուիրեց Երեւանի զինանշանի պատկերով յուշանուէր, արտայայտելով իր երախտիքն ու ընդգծելով ՀԲԸՄ-ի հետ համագործակցելու կարեւորութիւնը։ «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը շուտով կրնաք կարդալ մոպայլ սարքերու եւ համակարգիչներու միջոցով: Տեսանիւթերու Յղումներ «Բացայայտենք Երեւանը» Ել. գիրքի թրէյլըր Ել. գիրքի շնորհահանդէսի ուղիղ հեռարձակումի ձայնագրութիւն