login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Միացաւ #ArtsakhStrong-ին 04/22/2016
Ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ)Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի վերսկսած ռազմական յարձակումէն ետք, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը իր ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն համար կը կազմակերպէ առցանց այյցելութիւն մը, դէպի Արցախ։ « #ArtsakhStrong- Այցելութիւն դէպի Արցախ. Անցեալը Եւ Ներկան» խորագիրը կրող հանդիպումի նպատակն էր ծանօթացնել Արցախի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ պատասխանել առկայ իրավիճակի հետ կապուած հարցումներուն։ Տեսանիւթերով եւ նկարներով հարուստ այցելութիւնը, համակարգիչի պաստառի միջոցով, կրցաւ փոխանցել Արցախի փառաւոր պատմութիւնը, մշակոյթը, հրաշալի բնապատկերը եւ ճարտարապետութիւնը։ Մասնակիցները հիացած էին։ ՀՀՀ-ի շրջանաւարտ եւ հիպրիթ դպրոցի ուսուցիչ Տէր Աբրահամը նշեց. «Մեծ ուրախութիւն է տեսնել Արցախը, ճանչնալ իր սուրբ պատմութիւնը եւ պատմական ժառանգը»: Իսկ ուրիշ ուսանող մը, Փարսա Զարինը, հաստատեց.« ՀՀՀ-ի շնորհիւ ես կը հասկնամ եւ կը գնահատեմ Արցախը, աշխարհի մեծագոյն գանձերէն մէկը, պահպանելու աշխատանքը»: