login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Դպրոցներու Սաները Եւ Ծրագիրներու Մասնակիցները ՀՀՀ Այցելեցին 08/10/2016
Յունիս 10-ին, ՀՀՀ-ը շուրջ 30 աշակերտ հիւրընկալեց Գալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցէն եւ 40 սան Փասատենայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցէն: ՀՀՀ-ի համագործակցութեան եւ զարգացման բաժինի մասնագէտ Նայիրա Գասպարեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը, նպատակները, համալսարանի գործունէութիւնը եւ հնարաւորութիւնները: Օգոստոս 9-ին, ՀԲԸՄ-ի « Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագիրի մասնակիցները եւս այցելեցին ՀՀՀ, ծանօթանալու ՀՀՀ-ի առաքելութեան եւ ծրագիրներուն: ՀՀՀ-ի ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեան ողջունեց հիւրերը եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի գաղափարը, ցոյց տալով օրինակներ դասընթացներէն եւ ել. գիրքերէն: