login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հիւրընկալեց «ԱՐԻ ՏՈՒՆ» Երիտասարդական Ծրագիրի Մասնակցողները 06/13/2012
13, Յունիսի, 2012 ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» երիտասարդական ծրագիրով Հայաստան ժամանած խումբ մը երիտասարդներ եւ պատանիներ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարան այցելեցին, ընդհանուր գործունէութեան հետ ծանօթանալու: ՀՀՀ-ի օնլայն ուսուցիչ Ովսաննա Ճորոխեանը խօսեցաւ ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին եւ քանի մը դասընթացքներ ներկայացուց: Ապա ՀՀՀ-ի զարգացման մասնագէտ Նուշիկ Միքայէլեանը հետաքրքիր ուսուցողական մրցոյթ մը կազմակերպեց, ինչը երիտասարդներուն մէջ խանդավառութիւն ստեղծեց, իսկ յաղթող խումբը մրցանակ ստացաւ: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցներէն մէկ քանին մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ՀՀՀի առաջարկած դասընթացքներուն ու լրացուցիչ մանրամասներ եւ տեղեկութիւններ ուզեցին: