login
Յօդուածներ
«Ճատրակ Ախոյեանի Հետ» Առցանց Խաղի Յաջողութիւնը 12/01/2018

1 Դեկտեմբեր 2018-ին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց «Ճատրակ Ախոյեանի Հետ» առցանց խաղը, 2018-ի Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Հայկ Մարտիրոսեանի հետ, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ դիմատետրի վրայ։ 18 ամեայ ճատրակորդը եւ ՀՀՀ-ի ճատրակի հեռավար ուսուցիչ՝ Միքայէլ Անտրիասեանը, քննարկեցին խաղի գաղտնիքները եւ պատասխանեցին ուղիղ եթերով հնչող հարցումներուն։ Միքայէլ Անտրիասեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի ճատրակիառցանց դասընթացքը (AVC online chess course ), որ պատրաստուած է Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեամբ։Նշեց, որդասընթացքէն կրնան օգտուիլ դպրոցականները՝ որպէս լրացում դպրոցական ուսումնական ծրագիրի եւ անոնք, որոնք կը փափաքին առցանց եւ անվճար ծանօթանալ ճատրակի հիմունքներուն։

Հայկ Մարտիրոսեանը հաստատեց.«Ես կը կարծեմ, որ ճատրակ սորվելու, գիտելիքները ստուգելու եւ ճատրակ խաղալու համար այս ծրագիրը շատ օգտակար է եւ տարբեր միջոցներ կ՚առաջարկէ Ճատրակի սիրահարներուն»։

Քննարկումներուն յաջորդեց առցանց խաղը. 7-55 տարեկան 15 մասնակիցներ փորձեցին իրենց հմտութիւններով յաղթել ճատրակորդին։ Լաւագոյն խաղցող հանդիսացաւ 12 ամեայ Սեդա Պատալեանը, Երեւանէն։ Ան իբրեւ յուշանուէր ստացաւ ՀՀՀ-ի խորհրդանիշով t-shirt մը՝ Հայկ Մարտիրոսեանի մակագրութեամբ։

Այս ձեռնարկը դիմատետրի վրայ ուղիղ հեռարձակուող ՀՀՀ-ի առաջին ձեռնարկն է, որ հետեւողներուն կողմէ մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ դրական արձագանգի արժանացաւ։

Ձեռնարկին հետեւողներէն Ա. Պետրոսեան կ՛ըսէ. «Շնորհակալութիւն Հայկ Մարտիրոսեան եւ Միքայէլ Անտրիասեան, որ այսպիս հնարաւորութիւն ընձեռեցիք»։

Բազմաթիւ մասնակիցներ առաջարկեցին կազմակերպել նմանատիպ այլ ձեռնարկներ։ Մ. Քազարեանը կը շեշտէ.«Շատ հետաքրքրական ձեռնարկ է»։

ՀՀՀ-ը կը ծրագրէ կազմակերպել համընդհանուր առցանց նոր ձեռնարկներ, առցանց ուսուցման իր հնարաւորութիւնները հասարակութեան լայն զանգուածին հաղորդակից դարձնելու եւ աշխարհասփիւռ հայերուն միջեւ կապ հաստատելու հեռանկարով։

Ձեռնարկը կրնաք տեսնել սեղմելով հետեւեալ յղումը.

https://www.facebook.com/OnlineArmenianEducation/videos/265226484351727/