login
Արեւելահայերէնի միջին մակարդակ-2
Դասավանդման լեզուներ
infoՈւսանողի մասնակցության տեսակը

Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները կատարելագործել: Ուսանողները բայի ըղձական, ենթադրական, հարկադրական եւ հրամայական ժամանակներուն խոնարհումը կը սորվին, ինչպէս նաեւ գոյականի հոլովումը: Կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնը երկխօսութիւններու եւ բնագիրներու միջոցաւ եւ կամրապնդեն իրենց սորվածը զանազան վարժութիւններու օգնութեամբ:

Ուսումնական շրջանի օրացույց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԳՐԱՆՑՄԱՆ ՓՈՒԼ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ

Ձմեռ 2024

դեկտեմբեր 8 (ուրբաթ) – դեկտեմբեր 23 (կիրակի), 2023թ.

հունվար 8 (երկուշաբթի) – մարտ 12 (երեքշաբթի)

Գարուն 2024

մարտ 8 (ուրբաթ) – մարտ 23 (կիրակի)

ապրիլ 1 (երկուշաբթի) – հունիս 4 (երեքշաբթի)

Ամառ 2024

հունիս 7 (ուրբաթ) – հունիս 22 (կիրակի)

հուլիս 1 (երկուշաբթի) – սեպտեմբեր 3 (երեքշաբթի)

Աշուն 2024

սեպտեմբեր 6 (ուրբաթ) – սեպտեմբեր 21 (կիրակի)

հոկտեմբեր 7 (երկուշաբթի) – դեկտեմբեր 10 (երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բառեր, ըղձական ապառնի, ՙԻ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Բառեր, ըղձական անցեալ, ՙՈւ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Բառեր, Ենթադրական ապառնի, ՙԱն՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Բառեր, ենթադրական անցեալ, ՙՎա՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Բառեր, հարկադրական ապառնի, ՙՈջ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Բառեր, հարկադրական անցեալ, ՙՑ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
  • Words; Imperative mood; «ա» internal conjunction, dialogue and text;
  • Բառեր, արգելական հրամայական, ՙՈ՚ ներքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն:

Ուսուցման արդիւնքները

Արեւելահայերէնի դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բայերու եւ գոյականներու մասին իրենց ունեցած գիտելիքները ընդլայնած պիտի ըլլան, ինչն ալ պիտի նպաստէ ուսանողներուն մինչեւ հիմա ձեռք բերած գիտելիքներուն հարստացմանը: Ուսանողները նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ սորվելով կարելիութիւն պիտի ունենան ճշգրիտ եւ պարզ արտայայտելու իրենց միտքերը թէ´ բանաւոր, թէ´ գրաւոր:

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ

Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
  • Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
  • Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
  • Վ.Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
  • Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)