Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
| ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ | ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
|---|---|---|
| Ձմեռ 2027 | Դեկտեմբեր 4 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 20 (Կիրակի) 2026 | Յունուար 11 (Երկուշաբթի) - Մարտ 16 (Երեքշաբթի) |
| Գարուն 2027 | Մարտ 12 (Ուրբաթ) – Մարտ 28 (Կիրակի) | Ապրիլ 5 (Երկուշաբթի) – Յունիս 8 (Երեքշաբթի) |
| Ամառ 2027 | Յունիս 4 (Ուրբաթ) – Յունիս 20 (Կիրակի) | Յուլիս 5 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 7 (Երեքշաբթի) |
| Աշուն 2027 | Սեպտեմբեր 3 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 19 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 4 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 7 (Երեքշաբթի) |
Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բնագրային բառերու, բառակապակցութիւններու, տարբեր արտայայտութիւններու եւ նախադասութիւններու միջոցով անհրաժեշտ հաղորդակցութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը կ'ունենան: Ուսանողները կը սորվին անկանոն եւ պակասաւոր բայերը: Ապա կը սորվին ձայնարկութիւնները, կէտադրական նշանները՝ ստորակէտը, վերջակէտը, միջակէտը, չակերտները, փակագիծերը, ինչպէս նաեւ երկբայական, գնահատողական, ժխտական, սաստկական ու սահմանափակման վերաբերականներու կիրարկումը բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի մէջ: Երկխօսութիւնները, բնագիրները եւ վարժութիւնները կ'օգնեն ուսանողներուն, որ բարելաւեն հայերէնի իմացութեան մակարդակը:
Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը (regular program), ամէն շաբաթ մէկ դաս կը տրամադրուի: Ուս. շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Իսկ եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը (slow-mode program), երկու շաբաթը մէկ նոր դաս մը կը տրամադրուի. այս պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:
Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան կրթական հարթակին, պահանջքներուն, կ'ամբողջացնեն անհատական թերթիկը (profile), զիրար կը ծանօթանան, կը մասնակցին ֆորում- քննարկումին եւ խմբային առցանց հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կը նշեն ժամային գօտիները:
Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ
Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք
Միջանկեալ քննութիւն
Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք
Աւարտական քննութիւն
Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ: