Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ |
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ |
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
Ձմեռ 2023 |
Դեկտեմբեր 2 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 18 (Կիրակի) 20212 |
Յունուար 9 (Երկուշաբթի) - Մարտ 14 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2023 |
Մարտ 10 (Ուրբաթ) – Մարտ 26 (Կիրակի) |
Ապրիլ 10 (Երկուշաբթի) – Յունիս 13 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2023 |
Յունիս 9 (Ուրբաթ) – Յունիս 25 (Կիրակի) |
Յուլիս 10 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 12 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2023 |
Սեպտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 24 (Կիրակի) |
Հոկտեմբեր 10 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 12 (Երեքշաբթի) |
Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հայոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեանը, գիտելիքներ կ’ունենան այն իրադարձութիւններու մասին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներ` համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին: Կ’ունենան պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք:
Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:
Անհատական աշխատանքի յանձնում
Խմբային աշխատանքի յանձնում
Աւարտական քննութիւն
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ: Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:
• Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան, 1967-1984
• Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 2008
• Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1998