login
Արեւելահայերէնի բարձրագոյն մակարդակ-2
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Հայոց լեզուի դասերը տրամաբանական յաջորդականութեամբ կազմուած են, սակայն ամէն դաս իր ներքին կառոյցը եւ առանձնայատկութիւնն ալ ունի: Իւրաքանչիւրը նոր նիւթի դասաւանդումին համար նախատեսուած մասէ մը եւ զայն ամրապնդելուն ուղղուած վարժութիւններէ կազմուած է: Նոր նիւթը իւրացնելու համար մշակուած մասնաւոր վարժութիւնները անմիջապէս կը յաջորդեն դասի ուսուցողական բաժինին: Ամէն դաս ընթերցանութեան մասնաւոր բաժին մը ունի, որ ուսանողին կարելիութիւն պիտի տայ կարդալու ոչ միայն դասի գլխաւոր բնագիրը, այլեւ տարբեր ոճերով գրուած բնագիրներ: Առաջին չորս դասերուն միջանկեալ քննութիւն մը պիտի յաջորդէ, իսկ ութերորդ դասէն վերջ՝ ուսանողը աւարտական քննութիւն մը պիտի յանձնէ: Երկու քննութիւններն ալ ուսանողին տրուած նիւթին հիման վրայ մշակուած պիտի ըլլան:
«Բարձր Առաջադէմ Հայերէն» դասընթացքի գլխաւոր նպատակը ուսանողին միայն նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ կամ քերականական օրէնքներ սորվեցնելը չէ, այլեւ անոր արդէն սորված եւ ձեռք բերած բառապաշարը եւ քերականական օրէնքները ճիշդ կիրարկելու եւ իր միտքերը շարադրելու կարելիութիւն տալն է: Այս մասին մէջ ուսանողը պիտի ծանօթանայ լեզուի արտայայտութեան տարբեր ձեւերուն՝ գիտական, պաշտօնական, խօսակցական, հրապարակախօսական եւ գեղարուեստական, ինչպէս նաեւ բնագիրներու տեսակներուն՝ հարցազրոյց, մենախօսութիւն, լրատուական բնագիրներ եւ բանավէճ: Իր գրաւոր եւ ոչ-գրաւոր խօսքը զարգացնելու միտումով՝ ուսանողին պիտի տրուին հայերէնի համեմատութեան եւ փոխաբերութեան առանձնայատկութիւնները եւ նրբութիւնները:
Միւս նպատակն է ուսանողին հայերէնով հանգիստ հաղորդակցելու, իր միտքերը հայերէնով տարածելու կարելիութիւն ընձեռելը: Այս փուլին անոնք մօտաւորապէս 150 շարահիւսական եւ ոճական կառոյցներ եւ 80-100 մասնագիտական բառեր պիտի սորվին:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ձմեռ 2024

Դեկտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 23 (Կիրակի) 2023

Յունուար 8 (Երկուշաբթի) - Մարտ 12 (Երեքշաբթի)

Գարուն 2024

Մարտ 8 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)

Ապրիլ 1 (Երկուշաբթի) – Յունիս 4 (Երեքշաբթի)

Ամառ 2024

Յունիս 7 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)

Յուլիս 1 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 3 (Երեքշաբթի)

Աշուն 2024

Սեպտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)

Հոկտեմբեր 7 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 10 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, գիտական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, պաշտօնական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, խօսակցական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, հրապարակախօսական ոճին առանձնայատկութիւնները, բնագիրներուն տեսակները, հարցազրոյց, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, գեղարուեստական ոճին առանձնայատկութիւնները, մենախօսութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, բանավէճ, լրատուական բնագիրներ, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, համեմատութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր;
  • Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, փոխաբերութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր:

Ուսուցման արդիւնքները

Դաընթացքը աւարտելէ ետք՝ ուսանողը ցանկացած մարզի վերաբերող նիւթերու մասին եւ ցանկացած իրավիճակի մէջ պիտի կարենայ հայերէնով խօսիլ եւ արտայայտել իր մտածումը: Ան իր լսածը եւ կարդացածը դիւրութեամբ պիտի սկսի հասկնալու: Ուսանողը նաեւ բարդ եւ հարուստ բառապաշար ունեցող նիւթեր եւ յօդուածներ կարդալու, անոնց միտքը ճիշդ ըմբռնելու, իր կարդացածին մասին խօսելու եւ վիճելու, ինչպէս եւ զայն ուրիշներու հետ քննելու կարելիութիւնը պիտի ունենայ: Ան շարահիւսական եւ ոճական բազմաթիւ նոր կառոյցներ եւ մասնագիտական բառեր պիտի գիտնայ: Տարբեր մարզերու վերաբերող յաւելեալ բնագիրներու օգնութիւնով ան հարստացուցած պիտի ըլլայ իր բառապաշարը:

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
  • Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
  • Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
  • Վ.Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
  • Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)