login
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) կրթական նոր հարթակը 03/26/2020

ՀՀՀ-ի առցանց, անվճար կրթական հարթակը, ուր կարելի է հանդիպիլ, սորվիլ եւ բացայայտել
 

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութիւնը, շեշտելով պսակաւոր ժահրի կանխարգելման անհրաժեշտութիւնը, կոչ ուղղած է ընդլայնել առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները: ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), ընդառաջելով առաջարկին, անմիջապէս պատրաստած է առցանց, կրթական նոր հարթակ մը, որ կը միտի զարկ տալ կրթական գործընթացին՝ հակառակ տիրող վիճակին եւ ֆիզիքական մեկուսացման պայմաններուն:

ՀՀՀ-ի կրթական առցանց հարթակի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ առցանց հանդիպիլ, սորվիլ ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստանալ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի մասին:

Չորս շաբաթ (Մարտ 26-Ապրիլ 23) տեւող ծրագիրի ընթացքին պիտի տրամադրուին տեղեկութիւններ հայերէնի, հայոց պատմութեան, կրօնի, հայկական ճարտարապետութեան, հայկական խոհանոցի եւ ճատրակի մասին: Արդի ճարտարագիտութեամբ պատրաստուած նիւթերը, որոնք քաղուած են ՀՀՀ-ի ել. գիրքերէն, առցանց դասընթացքներէն եւ կազմակերպած առցանց այցելութիւններու տեսանիւթերէն, պիտի ներկայացուին եօթ լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:

Այս նոր հարթակը իւրօրինակ առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէն մարդիկ մտերմանան եւ իրարու հետ կապի մէջ մնան:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կը նշէ. «Կ'ողջունեմ ՀՀՀ-ի նախաձեռնութիւնը՝ կրթական համակարգի համար անցումային այս հանգրուանին: ՀՀՀ-ը թուային կրթական մարզէն ներս ունի իր ուրոյն տեղը. այս քայլը լուրջ յառաջխաղացում է: Թուային կրթական հարթակներու ծիրէն ներս ՀՀՀ-ի նախաձեռնութիւնը առանձնայատուկ է, որովհետեւ կ'աջակցի նաեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու առցանց կրթութեան կազմակերպման աշխատանքին: Կ'ուզեմ նշել, որ ՀՀՀ-ը մշակոյթը զարգացնելու համար նոր հնարաւորութիւններ կ'առաջարկէ»:

ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան կ'ըսէ. «ՀՀՀ-ի կրթական առցանց հարթակը առիթ մըն է, որ առկայ պայմաններուն, տունը մնալով, նոր ընկերներ ունենանք եւ նոր բացայայտումներ կատարենք: Տագնապալից այս օրերուն, ՀՀՀ-ը կը ձգտի իր ունեցած եզակի հնարաւորութիւններով բաւարարել հայկական համայնքներու կրթական կարիքները: Ի դէպ, վերեւ նշուած պայմաններու բերումով, այս տարի, ՀՀՀ-ի գարնանային ուսումնական շրջանը պիտի սկսի աւելի շուտ եւ պիտի տրամադրուի անվճար»:

Կրթական այս նոր հարթակը ուսումնական նիւթէ բացի կ'առաջարկէ առցանց այցելութիւններ դէպի պատմական եւ մշակութային վայրեր՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ամէնօրեայ հանդիպումները պիտի վարեն ՀՀՀ-ի փորձառու հեռավար ուսուցիչները: Ծրագիրի ամբողջ ընթացքին ուսուցիչները պիտի աջակցին մասնակիցներուն, նպաստելով գիտելիքներու ամրապնդմանը:

Վստահ ենք, որ նորարարական միջոցներով ուսումը աւելի հետաքրքրական եւ օգտաշատ է:

ՀՀՀ-ի կրթական առցանց այս նոր հարթակին կրնաք անվճար մասնակցիլ, այցելելով մեր կայքը՝ www.avc-agbu.org. Կրնաք մասնակցիլ նաեւ հետեւելով ՀՀՀ-ի ընկերային ցանցերուն:

ՀՀՀ-ի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն ծանօթանալու համար այցելեցէք.
www.avc-agbu.org
Facebook
YouTube
Twitter
Instagram