login
Ներսէն Հայեացք
Հայերէն սորվիլ եւ զայն փոխանցել յաջորդող սերունդին 02/14/2023

ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Պերէնտ Պումսը հոլանտացի է: Կնոջ հետ միասնաբար որոշած են իրենց երկու զաւակները մեծցնել թէ՛ հայերէն, եւ թէ՛ հոլանտերէն լեզուներով: Պերէնտին կինը հայ է,  տան մէջ զաւակներուն հետ հայերէն կը  խօսի: Անոր համար, ինք որոշ չափով սկսած է հայերէն հասկնալ, բայց կ'ուզէ աւելի լաւ սորվիլ, մանաւանդ երբ կը նկատէ, որ իր զաւակը հայերէնին արդէն շատ աւելի լաւ կը տիրապետէ: 


Պերէնտ Պումսը ՀՀՀ-ի մասին այսպէ՛ս կ'անդրադառնայ:


Արդէն քանի մը շաբաթէ սիրով կը մասնակցիմ արեւմտահայերէնի սկսնակ մակարդակի դասընթացքներուն: Որպէս ծրագրային ապահովման ընկերութեան բովանդակութիւն մշակող՝ բարձր կը գնահատեմ այս դասընթացքի պատրաստման ուղղուած աշխատանքը:  


Լեզու սորվիլը հաճոյք է: ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը կրցած է ուսուցումը հաճելի դարձնել:  Ուսումնական նիւթերը հարուստ են եւ բազմազան: Ինծի համար յատկապէս հաճելի է այն, որ հայերէն տառերը սորվելու զուգահեռ մենք կը տեսնենք  նիւթի թարգմանութիւնն ու լատինատառ գրութիւնը. այս մեթոտը շատ օգտակար է անոնց համար, որոնք այբուբենը չեն գիտեր:


Հիանալի է որ մենք կրնանք ընկալել դասընթացքի նիւթերուն մեծ մասը, նոյնիսկ երկխօսութիւններու տեսանիւթերը, որոնք տրամադրուած են թարգմանուած եւ լատինատառ ենթագրրերով: Վարժութիւնները կ'օգնեն ուսանողներուն ստուգելու իրենց լեզուական գիտելիքները, առաւել՝ կարդալու, գրելու եւ խօսելու հմտութիւնները:  


Հաճելի է նաեւ այն, որ սորվելու ընթացքին դասընթացքը ցոյց կու տայ իմ արձանագրած յառաջդիմութիւնս: Իւրաքանչիւր դասի մէջ կայ գրառումներու յատկացուած ներքին յատուկ բաժին մը, ուր կրնամ նշել միտքերս կամ հարգումներս, որպէսզի յետագային զանոնք ներկայացնեմ իմ հեռավար ուսուցիչիս: Ուսուցիչին հետ կապի մէջ մնալը, դասընկերներու հետ դասի հետեւիլն ու ընկերային ձեռնարկներու մասնակցիլը շատ աղուոր է, ոգեւորող եւ խրախուսող: 


Յառաջանալու եւ այս հիասքանչ լեզուի մասին գիտելիքներս զարգացնելու մեծ փափաքը ունիմ: