login
Ներսէն Հայեացք
Մեր Արմատներուն Հետքերով 05/25/2017

Զաք (Զախարեան) Մորթնսըն ծնած է Գալիֆորնիա եւ որդեգրուած է խուլ-համր զոյգի մը կողմէ։ Անոր կեանքին ընթացքը ցոյց կու տայ իր կապը թէ որդեգրող, թէ հարազատ ծնողներուն եւ թէ իր իր հայկական ծագումին հետ, որուն մասին իմացած է իր մօրենական ծնողներէն: Դեռ պատանի տարիքէն, ան իբրեւ թարգմանիչ աշխատած է խուլ-համրերու յատուկ կեդրոնի մը մէջ, ապա միջնակարգը աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը աւարտած է դոկտորական աստիճանով։ Ֆրեզնոյի մէջ, երբ կը հետեւէր համալսարանի հայկական մասնաճիւղի դասերուն, Զաքին համար շատ հարազատ էր տեղւոյն հայկական շրջանակը։
 

Խուլ-համրերու մշակոյթի եւ շարժուձեւի լեզուին դասաւանդումը 2005-ին զինք կը հասցնեն Իլլինոյ նահանգ, ուր կը շարունակէ աշխատիլ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը:
 

Զաք փնտռտուքի մէջ էր, ան կ՛ուզէր հետամուտ ըլլալ իմաստալից բանի մը ու մինչ մեծցած էր տան մը մէջ, ուր տարբեր լեզուներ կը գործածէին՝ ռուսերէն, եբրայերէն, փորթուկալերէն, գերմաներէն, յունարէն եւ անշուշտ խուլ-համրերու շարժուձեւի լեզուն, ան ՚անդրադարձաւ, որ լեզու մը կար՝ իր վաղ մանկութեան լեզուն, որ կը պակսէր այդ շարքէն։
 

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտնաբերումը գիւտ եղաւ Զաքին համար, զոր ան «ոսկեհանք» կը կոչէ եւ ուր ինք «ամբողջովին կը սուզի»։
 

Ինչպէս տեսանք, Զաք իր հայկական ծագումին մասին իմացած էր մօրենական ծնողներէն եւ կը նշէ, թէ երբ սկսաւ աեւմտահայերէնը՝ «սփիւռքահայոց մեծամասնութեան լեզուն» սորվիլ, սկիզբ առաւ ճամբան դէպի իր արմատները: ՀՀՀ-ի միջին մակարդակի արեւմտահայերէնի դասերը աւարտելէ ետք ան կը նշէ․

«Ես հասկցայ, որ վերադարձած եմ տուն՝ հայկական արմատներուս, որոնք ամէն դասի հետ աւելի կ՚ամրապնդուին»:
 

Ան բարձր կը գնահատէ իր օնլայն ուսուցիչներուն աշխատանքը եւ կ՛ըսէ․ «Անին եւ Զեփիւռը ոչ միայն ուսուցիչներ, այլեւ իսկական ընկերներ են։ Ատկէ աւելին ես չէի կրնար երեւակայել»:
 

Զաք բարձր կը գնահատէ, նաեւ, օն լայն ուսուցիչներուն հետ անմիջական կապը, մանաւանդ, որ Իլլինոյի մէջ հայկական գաղութ չկայ։ Հակառակ մեծ փափաքին, առողջական խնդիրներէ ելլելով, ան ի վիճակի չէ ճամբորդել դէպի Հայաստան։ Այդ պատճառով ալ ան աւելի բարձր կը գնահատէ ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց միջոցառումներն ու ձեռնարկները, որոնց շնորհիւ առիթ կ՚ունենայ ծանօթանալու նախնիներու հայրենիքին:
 

Ան մասնակցած է երաժշտութեան տեսութեան դասընթացքներուն եւ նուագած է երաժշտական տարբեր գործիքներ՝ դաշնամուր, երգեհոն, թաւջութակ եւ տաւիղ։ ՀՀՀ-ի դասընթացքները առիթ եղան, որ Զաք վերականգնէ իր երաժշտական գիտելիքները:

Այսպէս, Յ. Թումանեանի «Փարուանա» վիպերգը սերտելու ընթացքին, ան ոգեւորուած մեղեդի մը կը յօրինէ. «Իմ դասերս յաճախ կ՚ոգեւորեն զիս եւ ես վստահ եմ, որ մէջս հայկական ուրիշ մեղեդիներ ալ կան պահուած»:
 

Հիմա, Զաք կը հետեւի ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէնի Բարձր Առաջամէտ մակարդակի դասընթացքին։ Իր երազները անսահման են։ Ան մեծ փափաք ունի հայերէն բառերով երգ-երաժշտութիւն յօրինելու, Աստուածաշունչը երբեմն հայերէնով կարդալու ու նաեւ գիտութիւններու թեկնածուի կոչում ստանալու։ Ան երգիծանքով կը շարունակէ. «Երազներս մե՞ծ են....»։
 

Զաքին յօրինած երաժտութիւնը լսելու համար սեղմեցէք հետեւեալ յղում.–ը։
 

Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան