login
Յօդուածներ
«Կրթութիւնը համաշխարհայնացման դարաշրջանին» խորագիրով հանդիպումներ Աւստրալիոյ մէջ 05/10/2019

Մայիս 2019-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Ե. Զօրեան «Կրթութիւնը համաշխարհայնացման դարաշրջանին» դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Մելպուռնի եւ Սիտնիի ՀԲԸՄ-ի կեդրոններուն մէջ։ Հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուց ճարտարագիտութեան ազդեցութիւնը՝ աւանդական կրթութեան վրայ: Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի առաջարկած կրթական տարբեր ծրագիրներու, յատկապէս՝ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին։ Ան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս հայագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կու տայ բոլորին, անկախ իրենց տարիքէն, գիտելիքներու մակարդակէն եւ բնակութեան վայրէն։ Նշեց նաեւ, որ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը, որ կը համադրէ կրթական եւ ճարտարագիտական նոր մօտեցումներ, հասանելի է հայկական դպրոցներուն եւ համայնքային կեդրոններուն։

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի նորընտիր վարչապետ Կլատիս Պերէճիքլեանի հետ հանդիպման ընթացքին դոկտ. Զօրեան փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորական ուղերձը՝ ընտրութիւններուն յաղթելուն առթիւ, ապա ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՀՀ-ի ծրագիրները: Վարչապետը հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ. զինք հետաքրքրեցին ներկայ նախաձեռնութիւնները եւ երիտասարդական ծրագիրները:

Դոկտ. Զօրեան հանդիպումներ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի տարբեր յանձնախումբերու հետ: Ան այցելեց Սիտնիի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան շաբաթօրեայ դպրոցը, որ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին կը հետեւի եւ մասնակցեցաւ հայոց լեզուի դասին: Ապա այցելեց ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանդր դպրոցը, հանդիպեցաւ հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի եւ փոխանորդ Նշան Պասմաճեանի հետ: Հարցազրոյց ունեցաւ նաեւ «Ծիածան» ռատիոյի եւ ՀԲԸՄ-ի «Միութիւն» պարբերականին հետ:

ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանդր դպրոցի ուսուցչուհի Սեդա Քէօշկերեանը նշեց. «ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը իսկապէս հաճելի է. ես անպայման աւելի լաւ կը ծանօթանամ ծրագիրին եւ զայն կը կիրառեմ իմ դասարանիս մէջ»:

Գէորգ Քրոզեան, դոկտ. Զօրեանին ուղղած խօսքին մէջ կը նշէ. «Կը շնորհաւորեմ Ձեր կատարած աշխատանքը: Որպէս ճարտարագիտութեան ուսուցիչ, երկար տարիներէ դպրոցներէ ներս թուային ճարտարագիտութեան առաջնորդ, 1998-էն Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի հայկական աւագ դպրոցի դասընթացքի հեղինակ եւ հայոց լեզուի գլխաւոր փորձագէտ՝ ոգեւորութեամբ կը հետեւիմ սփիւռքի մէջ հայկական կրթութեան յետագայ զարգացումներուն»:

Դոկտ. Զօրեանի կատարած այցելութիւններն ու հանդիպումները իսկապէս արդիւնաւէտ էին, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի ատենապետ՝ Միհրան Լեփէճեանի եւ Մելպուռնի ատենապետ՝ Մարալ Չորպաճեանի ջանքերուն: