login
Յօդուածներ
Մասնագիտական աճ՝ կրթական ոլորտի աշխատակիցներուն համար 02/12/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (ՀՀ ԳԿՄՍ), նախարարութեան հետ կը կազմակերպէ առցանց աշխատանիստերու շարք, որ կ'իրագործուի ՀՀՀ Համայկական կրթական ֆորումի հարթակին (PAEF) կողմէ: Այս ծրագիրին նպատակն է ներկայացնել մանկավարժութեան եւ կրթութեան յուզող խնդիրները եւ ամրապնդել մանկավարժներու եւ հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներու մասնագիտական գիտելիքները:

 

ՀՀ ԳԿՄՍ նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի համատեղ ջանքերով պատրաստուած աշխատանիստերը, հումանիտար եւ հասարակագիտական ոլորտի մասնագէտներուն եւ ուսանողներուն կարեւոր տեղեկութիւններ կը տրամադրեն:  

 

Առցանց աշխատանիստերը արդէն երկու տարիէ  ի վեր կ'ընթանան: Այս տարուան առաջին նիստը վարեց Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող (RAA) հիմնադրամի փոխտնօրէն Ռաֆֆի Քորթոշեանը: «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը» խորագիրը կրող նիւթով ներկայացուց տարածաշրջանի պատմութիւնն ու ժանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը:    

 

Երկրորդ աշխատանիստը, որ կը կրէր «Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման մարտահրաւէրները», տեղի ունեցաւ Ապրիլ 22-ին: Օրուան բանախօսն էր Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի (UCLA) բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր,  ցեղասպանագիտութեան եւ հայ գրականութեան ոլորտի մասնագէտ՝ Ռուպինա Փիրումեանը:  

 

Ան խօսեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին պատահած դաժան իրադարձութիւններուն, աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակուած հայերու եղերական պատմութիւններուն եւ այդ բոլորը ուսանողներուն ներկայացնելու, այդ բոլորի մասին գիտելիք փոխանցելու ընթացքին յատնուած դժուարութիւններուն մասին: Այս նիւթը բնականաբար քաղաքական եւ նոյնիսկ ընկերային գետնի վրայ վիճայարոյց է, քանի որ շատ երկիրներ պաշտօնապէս դեռ ցեղասպանութիւնը չեն ընդունած: Ան նշեց, որ հարկաւոր է զգայուն մօտեցում ունենալ զոհուած նահատակներու ժառանգորդներուն հանդէպ եւ այս նիւթը երեխաներուն դասաւանդել շատ մատչելի ձեւով:  

 

Հակառակ դասաւանդման մարտահրաւէրներուն, Փիրումեան նշեց Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը, որովհետեւ «անցեալը ճանչնալով կրնանք հասկնալ ներկան եւ կերտել արդար ու խաղաղ ապագան»: Աշխատանիստը ամբողջութեամբ կրնաք տեսնել սեղմելով այստեղ։ 

 

ՀՀ ԳԿՄՍ նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած բոլոր աշխատանիստերը կրնաք տեսնել այստեղ։ 

 

Բոլորն ալ կը նպաստեն մասնագիտական գիտելիքներու զարգացման եւ մանակավարժութեան առնչուող մարտահրաւէրներու յաղթահարման աշխատանքին: 

 

Շուտով աշխատանիստերու շարքը պիտի ամբողջանայ հիւր բանախօսներով, որոնք հայագիտութեան առնչուող նոր նիւթեր պիտի ներկայացնեն: