login
Յօդուածներ
Քննարկումէն՝ Գործնական Քայլեր. ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը Ջաւախքի Հայերու Համար 10/20/2017

12 Սեպտեմբեր 2017-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիւրընկալեց «Ջաւախքին Աջակցութիւն» հիմնադրամի (ՋԱՀ) գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը եւ իր խորհրդական՝ Անի Պետրոսեանը:

 

2014-ին հիմնուած ՋԱՀ-ի նպատակն է խթանել Վրաստանի հայաբնակ շրջաններու տնտեսական, մշակութային ու կրթական զարգացումը, նպաստելով հայ-վրացական համագործակցութեան։

 

Հանդիպումի ընթացքին ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը եւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի պատասխանատու Արփինէ Թաւաքալեանը ներկայացուցին ՀՀՀ-ի առցանց դասաւանդման հնարաւորութիւնները։ Իբրեւ արդիւնք որոշում առնուեցաւ, որ կրթութիւնը հասանելի ըլլայ նաեւ Ջաւախքի հայերուն։

 

Հոկտեմբեր 2017-ին, Ջաւախքի հայ ուսանողներու, դպրոցականներու եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՀՀ-ի գրասենեակէն ներս։ Այս հանդիպումը կը միտէր Ջաւախքի հայերը իրազեկ պահել ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին։

 

ՀՀՀ-ի գործառնական տնօրէն Գառնիկ Սեւոյեանը եւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի պատասխանատու Արփինէ Թաւաքալեանը խօսեցան համալսարանի առաքելութեան եւ առցանց կրթութեան առաւելութիւններուն մասին, ցոյց տալով դասի օրինակներ, առաւել ներկայացուցին մուլթիմետիա ել. գիրքերը։ Մասնակիցները բարձր գնահատեցին ՀՀՀ-ի կատարած հայրենանուէր աշխատանքը։ Ախալքալաքցի, այժմ Երեւան բնակող Վիքթոր Յովհաննիսեանը առաջարկեց առկայ դասընթացքներուն աւելցնել հայկական գեղարուեստի մասին առցանց դասընթացք։

 

Մասնակիցները յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը Ջաւախքի մէջ ծանօթացնելու ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը։ Հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ՀՀՀ-ը առցանց դասընթացքները անվճար պիտի տրամադրէ Ջաւախքի հայերուն։