login
Յօդուածներ
Ընտանիք Եւ Դպրոց. Հայկական Կրթութիւն Ջամբելու Լաւագոյն Համադրումը 10/04/2015
Հայկական կրթութիւն ջամբելը սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն: Աւագ սերունդը պէտք է որ յանձն առնէ հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթը, հաւատքն ու լեզուն կրտսեր սերունդին փոխանցելու պատասխանատուութիւնը: ԱՄՆ-ու Հիւսիսային Գարոլինա նահանգէն, Հայր Աբրահամ Յակոբեանը, միացած է ՀՀՀ-ին 2014-ի աշնանային ուսումնական շրջանէն: Իր հետաքրքրութիւնը եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը ՀՀՀ-ի արեւելահայերէնի եւ պատմութեան դասընթացքներուն, առիթ ընծայեցին հիմնելու հիպրիդ դպրոց մը, որուն առաջին հետեւողները իր չորս զաւակներն էին: Հայր Աբրահամի ընտանիքը սերունդէ սերունդ ծառայած է Աստուծոյ: Համաշխարհայնացման հետ միասին, Յակոբեան ընտանիքը սկսաւ դիմագրաւել ընտանեկան , մաշկութային, կրօնական կապը կորսնցնելու վտանգը: Հայր Աբրահամը կ՚ըսէ. «Տարիներ շարունակ մենք կը փորձէինք գտնել այնպիսի միջոց մը, որուն շնորհիւ մեր երեխաները եւ ապագայ սերունդները կը բարգաւաճին. միջոց մը միասին ըլլալու, աշխատելու, մեր մշակոյթը, պատմութիւնը, աւանդութիւնները, լեզուն եւ ամենակարեւորը՝ մեր հաւատքը պահպանելու համար»: ՀՀՀ-ի կրթական հիպրիդ ծրագիրը այդ միջոցը հանդիսացաւ Հիւսիսային Գարոլինայի լեռներուն վրայ հայկական հիպրիդ դպրոց հիմնել ցանկացողներուն համար: Հայր Աբրահամի չորս զաւակները` Ռութ Քրիսթինա Յակոբեանը, Ճէքոբ Ճոն Յակոբեանը, Առաւակ Ճոն Յակոբեանը եւ Մալեք Քրիսթիտինա Յակոբեանը կը մասնակցին ՀՀՀ-ի արեւելահայերէն սկսնակներու համար դասընթացքին` ՀՀՀ-ի կրթական հիպրիդ ծրագիրը կիրարկող Արքայութիւն հայկական դպրոցէն ներս: 2015-ի Հոկտեմբերին, ՀՀՀ-ի ծրագիրի ծանօթացման շաբաթուան ընթացքին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Արքայութիւն հայկական դպրոցի աշակերտներուն հետ, ողջունելու համար անոնց մուտքը ՀՀՀ-ի մեծ ընտանիք: Այս հանդիպումէն ետք սկիզբ առաւ առցանց ուսումնառութիւնը: Հայր Աբրահամը, որ նախապէս, իբրեւ ուսանող արդէն մասնակցած էր ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, կրնար իր գիտելիքները եւ փորձառութիւնը օգտագործել որպէս դպրոցի ուսուցիչ: Ընտանիքի եւ դպրոցի ղեկավարը վստահ է, որ դպրոցը մեծ ապագայ պիտի ունենայ. «Շատերը, իմ ընտանիքիս անդամներէն հետաքրքրուած են: Կան նաեւ հետաքրքրուողներ հայկական համայնքներէն, որոնք կը փափաքին կապ հաստատել ինծի հետ: Ես, մեծ սիրով, օգտակար կը հանդիսանամ: Թո՛ղ, այս նախաձեռնութիւնը յաջողի, յանուն Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն, ընդմի՛շտ:» Արքայութիւն հայկական դպրոցի միջոցով Հայր Աբրահամը գտած է Հիւսիսային Գարոլինայի լեռներուն վրայ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու լաւագոյն միջոցը, շեշտելով հայկական սփիւռքի մէջ՝ հայկական կրթութեան անհրաժեշտութիւնը: