login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ը Կը Ներկայացնէ Իր Առաջին Ելեկտրոնային Գիրքը 11/03/2014
ՀԲԸՄ-ի առաջին բազմաբնոյթ ելեկտրոնային գիրքը՝ ‹‹ Հայկական Բարձրաւանդակ ›› վերնագիրով, նոր հարթակի վրայ կը մատուցէ հայոց պատմութիւնը։ Հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի նուիրուած գիրքը կ՚անդրադառնայ, նաեւ, արդի նիւթերուն: Ճարտարագիտական արդի միջոցներով թողարկուած բազմաբնոյթ ելեկտրոնային գիրքը կարելի է ընթերցել արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն լեզուներով: Ելեկտրոնային առաջին գիրքը համապարփակ տեղեկութիւն կու տայ հայկական բարձրաւանդակի, յատկապէս Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան մասին, հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:Կը խօսի հայկական լեռնաշխարհի աշխարհագրական բնոյթի, բնաշխարհի, շրջակայ միջավայրի, բուսական - կենդանական աշխարհի, օդերեւութաբանութեան եւ օգտակար հանածոներու մասին: Նաեւ, կ՚անդրադառնայ հայկական աշխարհի վարչական բաժանմունքներուն ներկայացնելով պատմական հետաքրքրական փաստեր: Ելեկտրոնային գիրքը կ՚ընդգրկէ Հայաստանը՝ պատմութենէն մինչեւ ներկայ Հայաստանը եւ Արցախը։ Ընթերցողի հետաքրքրասիրութիւնը խթանելու միտումով, բնագիրը զուգորդուած է վառ եւ գունաւոր նկարներով, ձայնագրութիւններով, տեսահոլովակներով, եռաչափ պատկերներով, հարցաշարերով եւ քարտէսներով: Հիմնական բնագիրէն բացի, գիրքին մէջ զետեղուած են դրուագներ հայկական բանահիւսութենէն եւ դիւցազներգութենէն։ Այս բոլորը կը բարձրացնէ ելեկտրոնային գիրքի արժէքը, յառաջացնելով ե՛ւ մասնագէտներու ե՛ւ ընթերցողներու լայն շրջանակի հետաքրքրութիւնը ։ Ելեկտրոնային գիրքը անվճար է եւ հասանելի՝ smartphone, tablet եւ web browser օգտագործողներու համար: Գիրքի iBook տարբերակը նախատեսուած է iPad-երու եւ iMac համակարգիչներու համար, իսկ browser տարբերակը` PC համակարգիչներու, tablet- ներու եւ smartphone-ներու համար: Քանի մը վայրկեանի ընթացքին, բոլոր տարբերակներու միջոցով գիրքը կրնանք ներբեռնել: ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով: ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն ։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ՚ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։ ‹‹ Հայկական Բարձրաւանդակ ›› գիրքը ներբեռնելու համար այցելեցէք հետեւեալ էջը` https://www.avc-agbu.org/en/virtual_experience/eBooks.html ՀՀՀ-ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար այցելեցէք մեր կայքէջը՝ www.avc-agbu.org ՀԲԸՄ-ը շահոյթ չհետապնդող աշխարհի ամէնէն մեծ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնադրուած է 1906-ին: Կեդրոնական գրասենեակը Նիւ Եորք կը գտնուի: ՀԲԸՄ-ը ուսումնական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով կը պահպանէ եւ կը խթանէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը , տարեկան ապրուստի շօշափելի միջոցներ տրամադրելով մօտաւորապէս 400, 000 հայերու: ՀԲԸՄ-ի եւ իր աշխարհասփիւռ ծրագիրներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.agbu.org: