login
Հայկական մշակոյթ
Ճանչնանք հայկական հարուստ մշակոյթը

Այս բաժինի նպատակն է ուսանողներուն ներկայացնել հայկական մշակոյթի պատմութիւնն ու հարստութիւնը:  

 

Ծնթ. 

1. Հայկական երաժշտութեան եւ ճարտարապետութեան դասընթացքները հասանելի են «Ազատ դասընթացքներ» ծրագիրով:

2. ՀՀՀ-ի ընդունած սկզբունքին համաձայն, ուսանողը ամէն մէկ բաժինէն կրնայ մէկ դասընթացքի արձանագրուիլ: 


Երաժշտութեան դասընթացքը հայկական երաժշտութեան պատմութիւնը, երաժշտական մշակոյթի հիմնական տարրերը եւ առանձնայատկութիւնները կ՚ընդգրկէ։ Ուսանողները հայ ժողովրդական երաժշտութեան, գուսանական եւ աշուղական արուեստին կը ծանօթանան: Գիտելիքներ կ՚ունենան հայկական միջնադարեան ծիսական մատեաններու, նոթագրման, 19-րդ դարու հայ երաժիշտներու արուեստի, հայ անուանի երաժիշտներու ազգային, դասական ստեղծագործութիւններու մասին:

Դասընթացքը հարուստ է հայկական երաժշտութեան բազմաթիւ նմոյշներով, ինչպէս նաեւ հայ անուանի խմբավարներու ստեղծագործութիւններով:

dep-course-img
Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան ներածութիւն – մաս 1 Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ EN, FR, RU, SP, EA, WA
Դասընթացքը հայ երաժշտութեան պատմութեան ներածութիւն... Տեսնել ծրագիրը courses_arrow
dep-course-img
Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան ներածութիւն – մաս 2 Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ EA, WA, EN, FR, RU, SP
Դասընթացքը հայ երաժշտութեան պատմութեան ներածութիւն... Տեսնել ծրագիրը courses_arrow

Հայկական մշակոյթ բաժինի դասընթացքներու հեղինակները
Հայկական մշակոյթ բաժինի դասընթացքներու հիմնական բովանդակութիւնը տրամադրած են.

  • Դոկտ. Մհեր Նաւոյեան

    Փրոֆէսօր,

    Երեւանի Պետական Երաժշտանոց

  • Դոկտ. Ալինա Փահլեւանեան

    Փրոֆէսօր,

    Երեւանի Պետական Երաժշտանոց

  • Դոկտ. Արաքսիա Սարեան

    Փրոֆէսօր,

    Երեւանի Պետական Երաժշտանոց

  • Դոկտ. Տաթեւիկ Շախկուլեան

    Փրոֆէսօր,

    Երեւանի Պետական Երաժշտանոց

  • Դոկտ. Դաւիթ Քերթմէնճեան

     Փրոֆէսօր,

    Երեւանի Պետական Ճարտարագիտութեան  Համալսարան