login
Հայկական երաժշտութեան ներածութիւն – մաս 2
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասընթացքը հայ երաժշտութեան պատմութեան ներածութիւնը կը ներկայացնէ (60-70-ական թուականներուն մէջ ինկած ժամանակաշրջանը) եւ այդ մշակոյթի հիմնական բաղադրիչները: Դասը ընդհանուր տեղեկութիւններ կը պարունակէ միջնադարի երաժշտածիսական մատեաններու եւ հոգեւոր երաժշտութեան գրառման համակարգերու մասին: Այս դասընթացքը նաեւ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կարդալու հայ մեծ քոմփոզիթորներու ստեղծագործական կեանքը, ինչպէս նաեւ 60-70- ական թուականներու հայ քոմփոզիթորական արուեստի նոր միտումները:
Դասընթացը հարուստ է նաեւ երաժշտական բացառիկ նմուշներով` հայ երգարուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներու կատարմամբ:Այս դասընթացքը մատչելի է մեծ լսարանի համար:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ձմեռ 2024

Դեկտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 23 (Կիրակի) 2023

Յունուար 8 (Երկուշաբթի) - Մարտ 12 (Երեքշաբթի)

Գարուն 2024

Մարտ 8 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)

Ապրիլ 1 (Երկուշաբթի) – Յունիս 4 (Երեքշաբթի)

Ամառ 2024

Յունիս 7 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)

Յուլիս 1 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 3 (Երեքշաբթի)

Աշուն 2024

Սեպտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)

Հոկտեմբեր 7 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 10 (Երեքշաբթի)

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հայ միջնադարեան երաժշտածիսական մատեաններ
  • Հայ հոգեւոր երաժշտութեան գրառման համակարգերը
  • Հայ քոմփոզիթորական արուեստ: Հայ երաժշտական մշակոյթը 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն (մաս 1)
  • Հայ քոմփոզիթորական արուեստ: Հայկական երաժշտական մշակոյթը 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն կիսուն (մաս 2)
  • Կոմիտաս
  • Հայ մասնագիտական քոմփոզիթորական արուեստ
  • Արամ Խաչատուրեանը, իր ժամանակակիցները եւ յետեւորդները
  • 60-70 – ական թուականներու հայ քոմփոզիթորական արուեստի նոր միտումները:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողը գիտելիքներ կ ̓ ունենայ հայ միջնադարեան երաժշտածիսական մատեաններու մասին, ծանօթացած կ ̓ըլլայ հայ հոգեւոր երաժշտութեան գրառման համակարգին հետ, ինչպէս նաեւ կարդացած կ̓ըլլայ հայ նշանաւոր քոմփոզիթորներու՝ Կոմիտասի, Ն. Տիգրանեանի, Տ. Չուխաճեանի, Ա. Սպենդիարեանի եւ այլոց ստեղծագործական կեանքը:
Երաժշտական նմուշներու օգնութեամբ, ուսանողը յատուածներ կը լսէ հայ նշանաւոր քոմփոզիթորներու ստեղծագործութիւններէն:

Դասընթացքի դասացուցակը

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն  իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ  եւ կիրարկեն զանոնք:

Շաբաթ 1-8

Դաս ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:

Շաբաթ 3

Անհատական աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 7

Խմբային աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:  Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն

Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Երաժշտութեան դասընթացքի հեղինակներ

Երաժշտութեան դասընթացքի բովանդակութիւնը հետեւեալ յայտնի գիտնականներու աշխատութիւններուն հիման վրայ կազմուած է`

  • Տոքթ. Մհեր Նաւոյեան (փրոֆէսօր, Երեւանի Պետական Երաժշտական Համալսարան, ՀՀ),
  • Տոքթ.Ալինա Փահլեւանեան (փրոֆէսօր, Երեւանի Պետական Երաժշտական Համալսարան, ՀՀ),
  • Տոքթ.Արաքսիա Սարեան (փրոֆէսօր, Երեւանի Պետական Երաժշտական Համալսարան, ՀՀ),
  • Տոքթ.Տաթեւիկ Շախկուլեան (փրոֆէսօր, Երեւանի Պետական Երաժշտական Համալսարան, ՀՀ):