Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Վճարման Կարգը
Դուք կրնաք վճարել առցանց` credit card-ով, կամ PayPal համակարգով: Վճարման այլ ձեւերու համար, դիմեցէք ՀՀՀ-ի Ուսանողի դրամական աջակցութեան ծառայութեան՝ sfs@avc-agbu.org:
Կրթաթոշակ կը տրամադրուի.
ա - Ըստ ուսանողի տարեկան եկամուտին, եթէ ուսանողը նիւթապէս անկախ է։ բ - Ըստ ծնողներու նիւթական եկամուտին, եթէ ուսանողը կը գտնուի ծնողներու նիւթական հոգածութեան տակ:
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԿԱՄՈՒՏԸ | ԶԵՂՉ |
---|---|
10,000 ԱՄՆ տոլարէն վար | 75% |
10,000- 30,000 ԱՄՆ տոլար | 50% |
30,000 – 40,000 ԱՄՆ տոլար | 25% |
Ուսուցումը, բացառիկ պարագաներու, կրնայ անվճար ըլլալ։ |
Կրթաթոշակ ստանալու համար, դիմում պէտք է ներկայացնել.
[Կրթաթոշակի դիմում 1]- Կը ներկայացուի նիւթապէս անկախ դիմորդի կողմէ։
[Կրթաթոշակի դիմում 2]- Կը ներկայացուի ծնողներուն նիւթական հովանաւորութիւնը կրող դիմորդի կողմէ:
ՀՀՀ-ը իրաւունք ունի ստուգելու տուեալները, կապ հաստատելով ուսանողներու կամ անոնց ծնողներու գործատուին հետ։
Սխալ տեղեկութիւններ, կամ փաստաթուղթեր տրամադրելու պարագային, արձանագրութեան դիմումը կը մերժուի: