Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
| ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ | ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
|---|---|---|
| Ձմեռ 2027 | Դեկտեմբեր 4 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 20 (Կիրակի) 2026 | Յունուար 11 (Երկուշաբթի) - Մարտ 16 (Երեքշաբթի) |
| Գարուն 2027 | Մարտ 12 (Ուրբաթ) – Մարտ 28 (Կիրակի) | Ապրիլ 5 (Երկուշաբթի) – Յունիս 8 (Երեքշաբթի) |
| Ամառ 2027 | Յունիս 4 (Ուրբաթ) – Յունիս 20 (Կիրակի) | Յուլիս 5 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 7 (Երեքշաբթի) |
| Աշուն 2027 | Սեպտեմբեր 3 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 19 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 4 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 7 (Երեքշաբթի) |
• Քայլեր արձանագրել
• Հաւերժական շախ
• Թագուհիով մատ ընել
• Երկու նաւակով մատ, մէկ նաւակով մատ
• Մատ վերջին հորիզոնականին ատեն, մանկական մատ
• Անպաշտպան խաղաքար, պաշտպանութիւն
• Կապ
• Բաց յարձակում, բաց շախ:
Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները կարելիութիւն կ’ ունենան ճատրակ խաղալու, բոլոր քայլերը արձանագրելու, մատ յայտարարելու, ճատրակի դերմինները, ինչպէս նաեւ ճատրակի կարգ մը հնարքներ սորվելու:
Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։
Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը), առաջադրանքներ, գլուխկոտրուկներ, հարցումներ:
Միջանկեալ քննութիւն
Աւարտական քննութիւն
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Ուսանողները ճատրակի դասաւանդման եւ խաղալու համար անհրաժեշտ բոլոր մուլթիմետիա միջոցներուն հետ առնչութիւն կ’ ունենան, ինչն ալ կ’ օգնէ ուսուցումը արդիւնաւէտ դառնալու:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերուն մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու ճատրակի ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար: