login
20-րդ դարու հայոց պատմութիւն – մաս 1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասընթացքը 20-րդ դարու Հայոց պատմութիւնը կը ներկայացնէ: Դասընթացքը կը պարունակէ նիւթեր 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ ներքին ու արտաքին վիճակի, 1920թ. թուրք-հայկական պատերազմի, Զանգէզուրի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի, Հայաստանի խորհրդայնացման, 1921-1928 Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը պայմանագիրներ:
Այս դասընթացքը մատչելի է բոլորին: 

Ուսումնական շրջանի օրացոյց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ձմեռ 2024

Դեկտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 23 (Կիրակի) 2023

Յունուար 8 (Երկուշաբթի) - Մարտ 12 (Երեքշաբթի)

Գարուն 2024

Մարտ 8 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)

Ապրիլ 1 (Երկուշաբթի) – Յունիս 4 (Երեքշաբթի)

Ամառ 2024

Յունիս 7 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)

Յուլիս 1 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 3 (Երեքշաբթի)

Աշուն 2024

Սեպտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)

Հոկտեմբեր 7 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 10 (Երեքշաբթի)

Դասընթացքի դասացուցակը

•    Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը, 1918-1920 ներքին վիճակը
•    Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին վիճակը (1918-1920), Փարիզի խաղաղութեան  վեհաժողովը,Սեւրի պայմանագիրը
•    1920 թ. թուրք-հայկական պատերազմը, Հայաստանի խորհրդայնացումըv
•    Զանգէզուրի եւ Արցախի ազատագրական պայքարը 1918-1921 
•    1921 թ. Փետրուարեան ապստամբութիւն, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական կռիւները
•    1921 թ. Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները
•    1921-1928 Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութիւնը
•    Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հայոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեանը, գիտելիքներ կ’ունենան այն իրադարձութիւններու մասին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներ` համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին: Կ’ունենան պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:

Դասընթացքի դասացուցակը

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն  իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ  եւ կիրարկեն զանոնք:

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:

Շաբաթ 3

Անհատական աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 7

Խմբային աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:  Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Բաբիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

•    Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան, 1967-1984
•    Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 2008
•    Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1998