login
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
«Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի առաջին հանգրուանը յաջողութեամբ իրականացաւ Արցախի երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար 11/03/2022

ԵՐԵՒԱՆ – Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 31-ին տեղի ունեցաւ «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի առաջին հանգրուանի աւարտական առցանց հանդիսութիւնը։ 


«Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքը նախաձեռնուած է ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի մասնաճիւղին կողմէ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ STEM (գիտութեան, տեխնոլոկիաներու, ճարտարագիտութեան եւ մաթեմատիկայի) կրթութեան զարգացման համար։ Դասընթացքը կը պարունակէ տեսադասեր եւ մուլթիմետիա բազմաբնոյթ նիւթեր, որոնք յագեցած են ելեկտրոնային ուսուցման արդիական լուծումներով։


Դասընթացքը ստեղծուած է «Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութեան» (ՏՀՏ ԳՄ) կողմէ՝ Սինոփսիս ընկերութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ։ Բովանդակութիւնը մշակուած է Սինոփսիս Արմենիայի ուսումնական բաժինի կողմէ, իսկ փորձագիտական գնահատումը կատարած են ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի արհեստական բանականութեան ոլորտի փորձագէտները։ Տեսադասերը ներկայացուած են ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի կրթական ել. հարթակին:


Հանդիսութեան ընթացքին ամփոփուեցան Ապրիլ-Յուլիս ամիսներուն տեղի ունեցած ծրագիրի արդիւնքները։ 


Շեշտելով արհեստական բանականութեան կարեւորութիւնը, Սինոփսիս Արմենիայի նախագահ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի հիմնադիր նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց. «Այսօր կարեւոր է ոչ միայն արհեստական բանականութիւն ունենալը, այլեւ՝ ստեղծելը: Ուստի պէտք է յատուկ կրթութիւն ստանալ: Մեր նպատակն է, պզտիկ տարիքէ՝ երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտներէն սկսիլ»: Դոկտ. Զօրեան շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցող կազմակերպութիւններուն եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան, որուն հետ  համատեղ ջանքերու շնորհիւ կարելի դարձած է կեանքի կոչել սոյն ծրագիրը: Ապա շեշտեց. «Մեր նպատակն է հասնիլ Հայաստանի եւ Արցախի ամէն անկիւն, ամէն շրջան»:


ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեքլարեան մասնակիցները ողջունեց. «ՀՀՀ-ի միջոցով առցանց կրթութեան այս մեթոտը, մեզի համար մեր սահմանափակումներէն եւ մեկուսացած միջավայրէն դուրս գալու լաւագոյն առիթն է:  Համացանցի միջոցով կարելի է համայն հայութեան ներուժին ապաւինիլ եւ զարգացնել Արցախի կրթական ոլորտը»: Դիմելով երիտասարդներուն՝ ըսաւ. «Այս ծրագիրը ձեզի համար շատ կարեւոր հիմք է մասնագիտութիւն ընտրելու եւ հայրենիքին ձեր նպաստը բերելու առումով»։ 


ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Արսէն Պաղտասարեան նշեց. «Պատրաստ ենք աջակցելու որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը նպաստէ դպրոցներու մէջ կրթութեան զարգացման, որակի բարելաւման, եւ նոր հմտութիւններ ու գիտելիքներ կը փոխանցէ մեր երեխաներուն»: 


Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Պալտրեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ. «Քանի մը տարիէն մեր երեխաները պիտի աշխատին այնպիսի մասնագիտութիւններով, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: Մեր պարտքն է այս երեխաները պատրաստել վաղուայ օրուան»: 


ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ այս ծրագիրը տարբեր ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան արգասաբեր համագործակցութեան օրինակելի մէկ արտայայտութիւնն  է:
Սինոփսիս Արմենիայի ուսումնական բաժինի տնօրէն Վազգէն Մելիքեան պարզեց, որ դպրոցականներու համար այսպիսի դասընթացքներ շատ չկան: Իրենց կողմէ մշակուած դասընթացքը իւրօրինակ է, քանի որ յատուկ ստեղծուած է դպրոցականներու համար: Տեղեկացուց, որ երկրորդ մակարդակի դասերը արդէն պատրաստ են, իսկ երրորդ մակարդակը ամբողջացնելու համար աշխատանքները կը շարունակուին: 


Առցանց հանդիսութեան ընթացքին դասընթացքի առաջին հանգրուանը յաջողութեամբ աւարտած 12 աշակերտ աւարտական վկայական ստացան։ Անոնք իրենց տպաւորութիւններով կիսուեցան եւ նշեցին, որ առցանց եւ առկայ ուսուցման շնորհիւ կրցան միասին աշխատիլ եւ գտնել բարդ խնդիրներու լուծումը: Եաննա Յարութեանը նշեց. «Ուրախ եմ, որ այս հանգրուանը յաղթահարեցինք: Յուսամ 2-րդ հանգրուանն ալ կ'ամբողջացնենք»: 


Յատուկ ուղերձով խօսք առին նաեւ  ՀՀ նախագահի խորհրդական, ԱՀ պետնախարարի   խորհրդական, «ռեԱրմենիա»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Դաւիթ Յակոբեանը, «Ես» կրթական հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Աւանէսեանը եւ Սինոփսիս Արմենիա ընկերութեան Հանրութեան հետ կապերու ղեկավար Գայիանէ Մարկոսեանը։ 


Դասընթացքի մասին տեսանիւթը կրնաք այստեղ տեսնել։
Առցանց հանդիսութեան տեսագրութիւնը կրնաք այստեղ տեսնել։