login
Ներսէն Հայեացք
Քրիսթին Սերճէնեանի համացանցային փորձառութիւնը ՀՀՀի հետ 10/10/2013

Եթէ Ձեր հայրը կամ մայրը հայ է եւ դուք ծնած ու ապրած էք երկրի մը մէջ, ուր հայկական համայնք չկայ, եւ միաժամանակ Դուք Ձեր արմատները բացայայտելու եւ հայերէն սորվելու մեծ փափաք ունեցած էք, ի՞նչ կ'ընէիք:
 

Որոշապէս այս խնդիրը Նիւ Եորքի Քուինզ քաղաքի բնակիչ երիտասարդ հայուհի-ամերիկուհի Քրիսթինին համար էական նշանակութիւն ունեցած է:
 

Ան Փէյս համալսարանէն (Pace University) մանկավարժութեան մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է, իսկ Հարվըրտի համալսարանէն բարձրագոյն կրթութեան մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է, եւ հիմա որպէս տնօրէնի օգնական Yeshiva համալսարանը կ'աշխատի:
 

Ընտանիքի կրտսեր Քրիսթինը եղբայր մը եւ քոյր մը ունի: Հայրը հայ է, ան փոխադրուած է Իսթանպուլէն, մինչդեռ մայրը՝ իրլատացի:


Մեծնալով Ութերուիլ գիւղաքաղաքին մէջ, ան կարելիութիւն չէ ունեցած հայկական ամենօրեայ կամ կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու, որովհետեւ Ութերուիլի մէջ հայկական վարժարաններ չկային: Իր ցանկութիւնը իրագործելու տեսակէտէն աննպաստ պարագաներուն հակառակ Քրիսթին միշտ հետաքրքրուած է հայութեամբ, հայութեանը յուզող հարցերով: Անոր հետաքրքրութիւնը աւելի կը խորանայ, երբ միջնակարգ դպրոցին մէջ սորվելու տարիներուն ինքնութեան գաղափարը աւելի լաւ կը սկսի ըմբռնել: Պատանեկութեան տարիներէն Քրիսթին իր սեփական ինքնութիւնը կը սկսի ձեւաւորել:
 

«Ծննդավայրս, ուր մեծցած եմ, բազմամշակութային չէր, եւ միւս պզտիկները իրենց վերաբերմունքով ակնյայտօրէն եւ մշտապէս իմ «տարբեր» ըլլալս կ'ընդգծէին»,- կ'ըսէ Քրիսթին: «Անոնք յաճախ իմ ուտելիքիս, զոր ամէն օր դպրոց կը տանէի, բոլորէն տարբեր իմ արտաքինիս, անսովոր մականունիս եւ այլնի մասին հարցումներ կը հարցնէին: Այդ էր պատճառը, որ ես երբ հարցումներ կը հարցնէի ընտանիքիս, կը փորձէի հասկնալ թէ ինչ էր տարբերութիւնը, իսկ հայրս եւ մայրս իմ մէջս հայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւնը կը սերմանէին»:
 

Իրեն պէս ծնողներէն մին հայ եղող դասընկերոջ մը հետ Քրիսթին շատ անգամներ հայոց պատմութիւնը կը ներկայացնէր իր միւս դասընկերներուն: Երբ ան Պրաուն Համալսարան (Brown University) եկաւ ընկերաբանութիւն ուսանելու, յաճախ Փրովիտընս (Րոտ Այլընտ) հայկական եկեղեցի կ'այցելէր: Համալսարանը ուսանած տարիներուն հայ ուսանողներու միութիւն մը ստեղծեց: Բայց եւ այնպէս առանց հայերէն գիտնալու եւ հայկական սովորութիւններուն ծանօթ ըլլալու հայկական համայնքին կեանքին մասնակցիլը, գործուն ներգրավուածութիւնը դիւրին չէր անոր համար:
 

2008ին Քրիսթին իբրեւ հայ կամաւորներու խումբի անդամ Birthright Armenia ծրագիրի շրջանակներէն ներս առաջին անգամ Հայաստան այցելեց: Ան քանի մը ամիս Երեւան ապրեցաւ, հայ հիւրընկալ ընտանիքի մը հետ եւ որպէս կամաւոր Counterpart Internationalի մէջ աշխատեցաւ:
 

«Մեծ փորձ ունեցայ, բայց կը փափաքէի աւելի լաւ լեզուական գիտելիքներ ունենալ»,- ըսաւ ան: Հակառակ ասոր երեք ամիս Հայաստանի մէջ ապրելէ ետք Քրիսթին որոշ չափով հայերէն սորվեցաւ:
 

Նիւ Եորք վերադառնալէ ետք Քրիսթին սորված հայերէնը չմոռնալու եւ այն զարգացնելու համար զանազան ձեւեր կը փնտռէ: Անոր որոնումները իրեն կը հասցնեն Հայկական Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ), որուն շրջանաւարտներէն մէկուն խորհուրդով Քրիսթինը կ'արձանագրուի արեւելահայերէնի դասընթացքին: Ան արդէն յաջողութեամբ աւարտած է երեք ուսումնական դասընթացք՝ սկսնակներէն մինչեւ միջին մակարդակ: «Ես ուզեցի հայերէն սորվիլ ՀՀՀին հետ, որովհետեւ հայերէն խօսելու եւ մտածելու կարելիութիւն չունիմ միշտ եւ որպէսզի սորվածս չմոռնամ»,- ըսաւ Քրիսթին: « Կարդալու եւ գրելու մէջ իմ ունեցած առաջընթացքս եւ լեզու սորվելու ունակութիւնս մեծապէս նպաստեց ինքնուրոյն սորվելու կարողութեան ձեռքբերմանը»:
 

ՀՀՀի աշխատանքային կազմին, համացանցային կրթութեան դասախօսներուն եւ շրջանաւարտներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող արդիւնաւէտ աշխատակցութիւնը կ'արեւելէ ծրագիրին բարձր որակը եւ իր առաքելութիւնը իրականացնելու եւ յաւերժացնելու ունակութիւնը: «Ինծի համար իսկապէս շատ հաճելի եւ բեղմնաւոր փորձառութիւն մըն էր ՀՀՀի ուսանող ըլլալը: Մարինա Խաչատուրեանը, որ երեք ուսումնական շրջաններուն ընթացքին իմ դասախօսս եղաւ, շատ բան տուաւ եւ միշտ օժանդակեց, որ յաղթահարեմ բոլոր դժուարութիւնները»,- ըսաւ Քրիսթին: « Ես իմացայ Հայկական Համացանցային Համալսարաի ունեցած դերը իմ կեանքիս մէջ, երբ 2012 –ին երկրորդ անգամ Լոյս հիմադրամի/ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ծրագիրով հրաւիրուեցայ Հայաստան եւ միացայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին՝ որպէս հրաւիրուած խաղցող: Նկատեցի որ ես արդեն կրնամ կարդալ փողոցներուն անունները, խանութներուն ցուցանակները: Դասընթացքները ապացուցեցին որ հսկայական արժէք ունին: Նաեւ կ’ ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՀՀի անձնակազմին իր մեծահոգութեանը եւ հոգատարութեանը»:
 

Արեւելահայերէնի բոլոր դասընթացքները աւարտելէ ետք Քրիսթին կը փափաքի նաեւ մասնակցիլ ՀՀՀի Հայոց պատմութեան դասընթացքներուն: Իր փորձը եւ ձեռքբերածը Քրիսթինին դրդեցին որ ան իր քրոջը, որ նոյնպէս կ'ապրի Քուինզ գիւղաքաղաքին մէջ, ընկերներուն եւ մտերիմներուն առաջարկէ հետեւիլ համալսարանի դասընթացքներուն:


Յարութ Եկմանեան