login
Յօդուածներ
Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ 12/06/2015
6 Դեկտեմբեր, 2015-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը այցելեց Գահիրէ, հրապարակային 2 ձեռնարկներու մասնակցելու, ՀՀՀ-ի ուսանողներուն հետ հանդիպելու եւ առցանց կրթութեան ու ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին դասախօսելու համար։: Գահիրէի Գալուստեան- Նուպարեան դպրոցի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, ՀՀՀ-ի նախկին ու ներկայ ուսանողներու եւ ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահի միջեւ, վերածուեցաւ ազատ եւ անկեղծ զրոյց- քննարկումի։ Ուսանողները խօսեցան իրենց հաճելի տպաւորություններուն մասին եւ օգտակար առաջարկներ ներկայացուցին ծրագիրի կատարելագործման համար: Օրուան երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Գահիրէի Պելէքտանեան սրահին մէջ։ Դոկտ. Զօրեանը հանդէս եկաւ «Կրթութիւն Եւ Նորամուծութիւն» համապարփակ եւ հետաքրքրական դասախօսութեամբ: Ներկաները լսեցին հաճելի դասախօսութիւն մը հայագիտական նիւթերուն առցանց կրթութեան հնարաւորութեան մասին: Դոկտոր Զօրեանը խօսեցաւ ճարտարագիտութեան մասին, որպէս աշխարհասփիւռ հայերը վերամիաւորող եւ հայկականութիւնը պահպանող միջոց: Դասախօսութեան աւարտին, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի կողմէ ուսանողները ստացան շնորհակալագիրներ, առ ի քաջալերանք, հայկական կրթութեան զարգացման: Դոկտոր Զօրեանը, յատուկ շնորհակալագիրով պարգեւատրեց Գահիրէի մէջ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ՝ Աննա Տոլապճեանը։ Վերջինս, ցուցաբերած եռամեայ նուիրական աշխատանքին եւ անխոնջ ջանքերուն համար, նշանակուեցաւ ՀՀՀ-ի դեսպանը՝ Եգիպտոսի մէջ: Իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Աննա Տոլապճեանը կը նշէ. «Անհատի յաջողութիւնը խմբային աշխատանքի արդիւնք է: ՀՀՀ-ի անձնակազմի աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը, ՀՀՀ-ՀԲԸՄ Եգիպտոս միասնական ձեռքբերումներուն, մեծապէս նպաստեցին»: Այս հանդիպումը մեծ խթան էր 2016-ը նոր ոգեւորութեամբ սկսելու համար։ Անհրաժեշտ է ընդարձակել Եգիպտոսի մէջ ՀՀՀ-ի ներկայութիւնը եւ աւելցնել ուսանողներուն թիւը: