login
Վերապրումի եւ գոյառումի երթը

Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչման առթիւ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը նոր ծրագիր մը մշակած է: Սոյն ծրագիրին կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայացնել 20-րդ դարու սարսափելի կոտորածներէն վերապրած իրենց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու կեանքի պատմութիւնն ու գոյառումի  երթը։

Այս ծրագիրը առիթ է, որ նորովի ընկալենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու տառապանքը՝ յարգելով ու պահպանելով անոնց անմեռ յիշատակը:  

Այսպիսի պատմութիւններ կիսելով կրնանք իւրայատուկ կապ ապահովել տարբեր սերունդներու եւ համայնքներու միջեւ: Այս պատմութիւնները կիսելով մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք՝ գնահատելով վերապրողներուն քաջութիւնն ու կամքի ոյժը:

Բոլոր ուսանողները կրնան այցելել մեր կայքի այս նոր էջը, որպէսզի ծանօթանան պատմութիւններուն եւ ներկայացնեն իրենց ընտանիքի գոյառումի երթը:

Միասնաբար կրնանք պահպանել եւ յաջորդող սերունդներուն փոխանցել անոնց յիշատակը:  Շնորհակալութիւն ձեր մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար։

Կարդալ աւելին