login
Հայկական առցանց կամուրջ
«Հայկական առցանց կամուրջ» ծրագիրի նպատակն է Հայաստանը կապել միջազգային ճարտարագիտական կեդրոններու հետ, օգտագործելով հայկական գիտական ​​միտքի ուժը եւ սփիւռքի կարողութիւնները: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար ՀՀՀ-ը տրամադրեց իր հարթակը: Ծրագիրի նախագիծը կազմուած է ՀՀ Բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Հ. Բ. Ը. Միութեան Սիլիքոն Վալիի կողմէ:2020-ի աշնան, հայկական 15 գործի հիմնադիրներ եւ ձեռնարկատէրեր մասնակցեցան 8 շաբթուան առցանց դասընթացքին: Նպատակն էր զանոնք նախապատրաստել միջազգային շուկայ մուտք գործելու ընթացակարգերուն եւ նպաստել գործի զարգացման հնարաւորութիւններուն: Ծրագիրին մասնակցեցան Սիլիքոն Վալիէն առաջատար փորձագէտներ, միջազգային ընկերութիւններու հիմնադիրներ,տնօրէններ, ներդրումային ընկերութիւններու ղեկավարներ եւ յայտնի համալսարաններու դասախօսներ: Անոնք ծրագիրի ընթացքին կարեւոր խորհուրդներ ներկայացուցին: Ծրագիրի աւարտին մասնակիցները եզակի հնարաւորութիւն ունեցան. անոնք իրենց նախագիծերը ներկայացուցին Սիլիքոն Վալիի ներդրողներուն: «Հայկական առցանց կամուրջ» ծրագիրին միացան նաեւ սփիւռքէն հիւր-բանախօսներ, որոնք իրենց փորձը եւ խորհուրդները փոխանցեցին։