login
e_book_1
Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի
play_colored Տեսանիւթ

«Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ներգործօն բազմաբնոյթ ել. ուղեցոյցի նպատակն է պահպանել քաղաքի պատմական յիշողութիւնը, օգնել պատկերացնելու ապագան՝ տեղեկութիւններ տարածելով, վերլուծելով, տեղւոյն ու միջազգային լսարանին հետ կիսելով Գիւմրիի մշակութային ժառանգութիւնն ու տեղեկատուական քարտէզները:   Այս ել. գիրքը կը ձգտի բացայայտել Գիւմրին որպէս հարուստ մշակոյթ ունեցող զբօսաշրջային վայր, ներգրաւել առցանց կամ անցանց այցելողները  եռաչափ քարտէզներով եւ հաղորդակից դարձնել քաղաքի հին ճարտարապետութեան ու ներկայ պատմութիւններուն: Ել. գիրքին կարելի է ծանօթանալ շարժական գործիքներով (mobile devices): Ասիկա առիթ մըն է այցելուներուն, որ Գիւմրին բացայայտեն երեւութապէս, եւ կամ օգտագործեն որպէս ել. ուղեցոյց՝ անձամբ այցելելու ընթացքին: